ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի ներկայացուցիչները։ Անոնք, վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան մասին իրենց յանձնուած պաշտօնին մասին տեղեկագիր յանձնելու համար կը գտնուէին Գումգաբու։

«ՀԱՅՃԱՐ»ի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ 17 վարժարաններու պատկանող 28 շէնքերը այցելելով, տեղւոյն վրայ քննութիւններ կատարած են։ Իսկ սեպտեմբերի 2-8 թուականներու միջեւ «ՀԱՅՃԱՐ»ի երկրաշարժի յանձնախումբի անդամներ մէկ առ մէկ այցելած են վարժարան մատակարարող թաղային խորհուրդներուն եւ իւրաքանչիւր դպրոցի կապակցութեամբ պատրաստուած տեղեկագիրը յանձնած են վարչայիններուն։ Անոնք յայտնեցին, թէ յանձնախումբը կատարած է այն պարտականութիւնը, որ յանձնուած էր իրեն Պատրիարք Սրբազան Հօր կողմէ։ Այս առթիւ անոնք տեղեկացուցին, թէ վարչութիւնը միշտ պատրաստ է համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն զօրավիգ կանգնելու։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի անդամներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարած էին։ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս յայտնեց, թէ վարժարաններու տոկունութեան մասին կատարելի աշխատութիւնները ամենայն լրջութեամբ պէտք էր կատարուին եւ ըստ երեւոյթի «ՀԱՅՃԱՐ»ը այս ուղղութեամբ կարեւոր գործ մը կատարած է։ Պատրիարք Հայրը գնատատեց կատարուած աշխատութիւնը եւ այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց գործունէութեանց մէջ։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020