ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՐԶԻՉ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՏԵՆԻԶԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Ֆութ­պո­լի յայտ­նի մար­զիչ Մուս­թա­ֆա Տե­նիզ­լի շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ս. Խաչ դպրե­վանք։ Իր հետ էր նաեւ կո­ղա­կի­ցը՝ Է­վին Էլ­չի Տե­նիզ­լի։ Խնա­մա­կա­լու­թեան կարգ մը ան­դամ­նե­րուն անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թեան հի­ման վրայ կազ­մա­կեր­պուած այց մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Տե­նիզ­լի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ, ուր ճա­շեց ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ։ Տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քին կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­լէ վերջ Մուս­թա­ֆա Տե­նիզ­լի դպրո­ցի սրա­հին մէջ ա­սու­լի­սի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ, պա­տաս­խա­նե­լով ա­նոնց հար­ցում­նե­րուն։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015