ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ եկեղեցիներու համատեղ յանձնախումբի անդամները, որոնք փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ իրեն։ Հայ, յոյն, ասորի, կաթոլիկ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ այս միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամները առաջին հերթին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց տարած աշխատանքին շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ զանազան առիթներով կը համախմբուին եւ իրենց աշխատանքին հիմնական արդիւնքը եղած է մօտաւոր անցեալին լոյս տեսած «Temel ilkeleri ile hristiyanlık» (Քրիստոնէութիւնը հիմնական սկզբունքներով) գիրքը, որու շնորհանդէսը 2015 թուականին տեղի ունեցած էր Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս յանձնախումբին մէջ Պատրիարքական Աթոռը կը ներկայացնէ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանն ալ զանազան պատասխանատուութիւններով կը մասնակցին այդ յանձնախումբի աշխատանքին։
Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամները հիւրընկալելու կապակցութեամբ եւ դրականօրէն արտայայտուեցաւ իրեն ներկայացուած աշխատանքներուն մասին։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ արտայայտութիւններով կարեւորեց միջեկեղեցական սերտ յարաբերութիւնները եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ քաղաքէս ներս նման յանձնախումբ մը կը գործէ աշխուժութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ Գերմանիոյ մէջ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարած տարիներուն ալ միշտ խրախուսած է միջեկեղեցական կապերը։
Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, որ յանձնախումբի աստուածահաճոյ գործունէութիւնը ըլլայ պտղաբեր եւ օրհնուած։