Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի մեկնի Լոս Անճելըս։ Այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։ Նորին սրբազնութեան ուղեւորութիւնը պիտի սկսի հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին, պիտի շարունակուի շուրջ շաբաթ մը։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենար աւելի առաջ, սակայն աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան հետեւանքով յետաձգուած էր։

Ընդհանուր փոխանորդը Լոս Անճելըսի կեցութեան օրերուն պիտի պատարագէ Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն պոլսահայ շրջանակներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018