ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ ՄԸ
Ազգային կրթութեան նախարարութեան խորհրդատու Եուսուֆ Թեքին անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային նախարարութեան Մասնաւոր կրթական հաստատութիւներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Էօմէր Ֆարուք Ելքէնճի, Իսթանպուլի Կրթական տնօրէն Մուամմէր Եըլտըզ եւ Գատըգիւղի Կրթական տնօրէնութենէն պատասխանատուներ։
Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս այս այցելութեան առթիւ ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Եուսուֆ Թեքին հիւրընկալուեցաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէքի, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի, փոխ-տնօրէնուհի Հաթիճէ Ատանըրի կողմէ։ Հիւրերը եւ դպրոցի պատասխանատուները նախ անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ ունեցան տեսակցութիւն մը եւ այս հանգրուանին Եուսուֆ Թեքին շեշտեց, որ Ազգային կրթութեան նախարարութեան մօտ միշտ գերիշխած է փոքրամասնութեանց վարժարաններու հարցերուն դրական լուծումներ գտնելու նախընտրութիւն։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին դրական վերաբերմունքին համար։ Զրոյցի տեւողութեան Սարվէն Սերթշիմշէք արծարծեց թրքահայ վարժարաններու կարգավիճակի վերաբերեալ առկայ խնդիրներուն լուծման կարեւորութիւնը։
Եուսուֆ Թեքին եւ իր ընկերակիցները աւելի վերջ փութացին վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներու այցելութեան։ Անոնք խորապէս տպաւորուեցան փոքրիկ սաներու հետ այս շփումէն, մինչ տեղի ունեցաւ նաեւ նկարահանում։
Արամեան-Ունճեան վարժարանին առընթեր, Եուսուֆ Թեքին այցելեց նաեւ յունաց եւ հրէից վարժարաններ։