ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբարատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին վարժարանի արժէքաւոր հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճը եւ Թաթիանա Պոստան, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Մելիք Տուվարճը եւ Դալար Տեմիրճի։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին Տատեան վարժարանէն ներս ձեռնարկուած գեղարուեստական նոր ծրագրին մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն Պաքըրգիւղի ընտանիքը կեանքի կը կոչէ նման նախագծեր, որոնք առիթ կը հանդիսանան մեր մշակոյթի հետ յաւելեալ շփումներու։ Պաքըրգիւղցիները այս տարուան իրենց նախագիծը կոչած են «Առակներ»։ Այս գեղարուեստական հանդիսութիւններու շարքը պատրաստուած է յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց ձօնուած է նախագիծը։ Նկատի ունենալով, որ ամանորեան շրջանին պիտի իրագործուի այդ մէկը՝ միեւնոյն ժամանակ կարելի է տօնական բնոյթ վերագրել այդ մէկուն։
Վստահաբար Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս օրինակելի եւ յաջող աշխատանքի մը արդիւնքը պիտի ներկայացնէ մեր վարժարաններու աշակերտներուն ու մեր գեղարուեստասէր հասարակութեան։