ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ աւանդական քէրմէսի ոգեւորութիւնը ապրեցաւ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ։ Առաւօտուն յարդարուած տաղաւարներուն մօտ աղօթք մը արտասանեց թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ծնողաց միութեան անդամները խրախուսելու համար սրահ այցելեց նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։
Թէ՛ Ֆէրիգիւղէն եւ թէ այլ թաղերէն բազմաթիւ այցելուներ հիւրընկալուեցան այս քէրմէսին շրջագծով։ Հիւրերուն տրամադրութեան տակ դրուեցան տօնական շրջանին բնորոշ իրեղէններ եւ այլ զանազան ձեռագործներ, որոնք պատրաստուած էին բարձր որակով եւ նուրբ ճաշակի արդիւնք էին։
Քէրմէսի կազմակերպիչներու խումբին մաս կազմեցին հետեւեալ անունները.
Ծնողաց միութիւն՝ Ժանէթ Արծիւեան (ատենապետուհի), Սեդա Պէշիկթաշլեան, Մաքրուհի Աշճը, Սիրանոյշ Քեշիշօղլու, Նաթալի Օքթայ, Աննա Սարըօղլու, Էլիզ Աշճը, Սիլվա Քըրալըմ, Դալար Տոլար, Լետա Խրիմեան, Հայրիյէ Փէք, Շիլա Մինազ, Լորա Օքթայ, Լուսին Չընար, Պրիժիտ Իսքէնտէրօղլու, Զիւպէյտէ Կէօքչէ, Այլին Սանթալու, Լեռնա Էօրտէքօղլու, Արի Թաշ։
Քէրմէսի յանձնախումբ՝ Թանիա Պալը (ատենապետուհի), Մաթիլտա Սուլուօղլու, Լուսին Քըյըճը, Սուլթան Ուլուաք, Լիզա Թուր, Նաժտա Ֆոսքոլօ, Իսկուհի Չոլաք, Այտա Տիտոնեան, Սիւզան Չելիքթոփ, Նուարդ Խաչերեսթունչ, Ալիս Մատղաշեան, Շաքէ Սիմքէշեան եւ Ժիւլիէթ Տէօնէր։