ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍՈՒՐԲ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Սուրբ Ե­րու­սա­ղէմ։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի կող­մէ կը գլխա­ւո­րուի խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ շուրջ վաթ­սուն հո­գիէ։ Սա Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ա­մէն տա­րե­մու­տին դէ­պի Սուրբ Քա­ղաք կազ­մա­կեր­պուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնն է։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տա­ղա­ւար­նե­րը կը նշէ ըստ հին տո­մա­րի։ Ուս­տի, Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի ան­դամ­ներն ու ի­րենց ըն­կե­րա­կից պոլ­սա­հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցին Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան ու Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։

Խում­բը քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017