ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւ­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած վեր­ջին օ­րե­րու հա­մայն­քա­յին ճգնա­ժա­մը ե­րէկ կար­գա­ւո­րուե­ցաւ նպա­տա­կաս­լաց ձե­ւով։ Կէս գի­շե­րը անց ար­դէն վերջ­նա­կան հա­մե­րաշ­խու­թիւն վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ։ Հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ իս­կա­կան յաղ­թա­նակ մը ա­պա­հո­վուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ եր­կու սրբա­զան­նե­րը կամք դրսե­ւո­րե­ցին ճգնա­ժա­մի շրջանց­ման հա­մար։

Ե­րէկ, ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը տի­րէր լուրջ մտա­հո­գու­թիւն։ Նոյ­նիսկ լսում­ներ կա­յին, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ հա­սած է պոռթ­կու­մի կէ­տի մը եւ ինքն ալ կրնայ հրա­ժա­րա­կան մը տա­լու մա­սին մտա­ծել։ Ան իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կին հետ բաժ­նած էր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը՝ յայտ­նե­լով, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի կա­յու­նու­թիւ­նը գե­րա­դա­սե­լով շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր կը կրէր խաչ մը եւ նոյն ամ­բող­ջին մէջ կը հան­դուր­ժէր այն բո­լոր տպա­ւո­րու­թիւն­ներն ու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, թէ ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու փա­փա­քը չու­նէր։ Ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ան ալ այ­լեւս ար­մա­տա­կան քայ­լի մը դի­մե­լու ազ­դան­շան­նե­րը տալ սկսած էր։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ շարժ­ման ան­ցան հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը, նաեւ խումբ մը փոր­ձա­ռու եւ ազ­դու ազ­գա­յին­ներ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 18.00-ին, Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ նա­խա­տե­ս-ւած էր՝ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ձե­ւա­չա­փին մէջ լայ­նա­խա­րիսխ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան եւ VADİP-ի դի­ւա­նի ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մեր աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը կէ­սօ­րուան ժա­մե­րէն սկսեալ խտա­ցու­ցին ի­րենց ջան­քե­րը։ Ա­նոնց նպա­տակն էր մին­չեւ օ­րուան ա­ւար­տը հաս­նիլ դրա­կան ար­դիւն­քի մը, նոյ­նիսկ մի­ջան­կեալ լու­ծու­մի մը եւ հա­մա­պա­տաս­խան լա­ւա­տե­սու­թեամբ մաս­նակ­ցիլ Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կերպուած լայ­նա­խա­րիսխ ժո­ղո­վին։ Այս ծանր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն փու­թաց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ ի­րենց միա­ցան՝ մեր բա­րե­րար­նե­րէն Ա­րէտ Եր­կա­նեան եւ Հայկ Աս­լա­նեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Մել­քոն Քա­րա­քէօ­սէ, Վազ­գէն Պա­րըն, Էֆ­րիմ Պաղ, Ճե­զօ Թաշ, Գէորգ Օք­ճու, Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան։ Ազ­գա­յին­նե­րը ման­րա­մասն խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Միաս­նա­կան քննար­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ ստեղծուած ի­րա­վի­ճա­կի, ծա­գած տագ­նա­պի դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն, լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժամ ա­ռաջ ձեռ­նար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս ապ­րուած վեր­ջին օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի վեր­ջին նիս­տին ու Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին վե­րա­բե­րեալ ներ­կա­յա­ցուց ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ դի­տար­կում­ներ։

Երբ խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րու մտքին մէջ պատ­կե­րը հա­սաւ հա­սու­նու­թեան ո­րոշ մա­կար­դա­կի մը՝ ա­նոնք ար­դէն աս­տի­ճա­նա­բար սկսան կեդ­րո­նա­նալ լուծ­ման հե­ռան­կա­րին վրայ։ Այս փու­լին ազ­գա­յին­նե­րը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն խնդրե­ցին՝ որ­պէս­զի քննար­կում­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան մաս­նակ­ցի նաեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, ինչ որ շօ­շա­փե­լի լուծ­ման հաս­նե­լու նա­խադ­րեա­լը պի­տի ըլ­լար։ Եւ այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Կապ հաս­տա­տուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հետ, որն ալ իր հեր­թին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց մաս­նակ­ցե­լու ժո­ղո­վին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այդ պա­հուն ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ կը գտնուէր Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Չե­թին­քա­յա­յի հետ։ Ուս­տի, ա­նոր ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ան­մի­ջա­պէս հա­սաւ Պատ­րիար­քա­րան։ Քննար­կում­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Եր­կու սրբա­զան­ներն ալ առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ պար­զե­ցին ի­րենց տե­սա­կէ­տը։ Աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը ա­մե­նայն յար­գան­քով ու եր­կիւ­ղով վե­րա­բե­րուե­ցան ա­նոնց նկատ­մամբ, յա­ջո­ղե­ցան հա­ւա­սար հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ մնալ եր­կու­քին հետ, սա­կայն վճռա­կան շեշ­տով յայտ­նե­ցին, որ մեր հա­մայն­քի գե­րա­գոյն շա­հե­րէն կը բխի ա­նոնց հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը, եղ­բայ­րա­կան ո­գիով գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու ծա­գած ճգնա­ժա­մին յաղ­թա­հա­րուի­լը։ Ար­դիւն­քին եր­կու սրբա­զան­նե­րը օ­րի­նա­կե­լի զո­հո­ղու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ ո­րո­շե­ցին՝ մէկ կողմ թո­ղուլ անձ­նա­կան հար­ցե­րը, բնա­կա­նո­նաց­նել ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, դար­ձեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ հա­ւա­քա­կան շա­հե­րու գի­տակ­ցու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ։

Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժամ­կէ­տին վե­րա­բե­րեալ այ­լընտ­րանք­ներ, քննար­կուե­ցան հա­ւա­նա­կան թուա­կան­ներ։ Եր­կու սրբա­զան­նե­րը եւ աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը հա­մա­միտ գտնուե­ցան, որ հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ յստա­կե­նայ թուա­կա­նը՝ հա­շուի առ­նե­լով նաեւ նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ի­րա­րու յի­շե­ցու­ցին, որ նախ­կին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ թուա­կան­նե­րու յստա­կե­ցու­մը կ՚ա­պա­հովուի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հետ կա­տա­րուե­լիք հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րուն ալ խրա­խու­սան­քով, ա­նոնք կազ­մե­ցին ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, ո­րով կը բնո­րո­շուէր ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ճա­նա­պար­հը։ Ճիշդ է, որ հապ­ճե­պով շա­րադ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն մըն էր այդ մէ­կը եւ ա­նոր պատ­րաս­տու­թեան մի­ջա­վայ­րը ար­դէն չէր կրնար ե­րաշ­խա­ւո­րել ան­թե­րի ար­ձա­նագ­րու­թեան մը կազ­մուի­լը։ Խորհր­դակ­ցու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը կը գի­տակ­ցէին այս բո­լո­րին, սա­կայն ար­դէն ժա­մը վա­ղուց 18.00-ը ան­ցած էր եւ «Պէզ­ճեան» սրա­հի լայ­նա­խա­րիսխ ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին ի­րենց։ Ար­ձա­նագ­րու­թեան պա­րա­գա­յին էա­կա­նը այն էր, որ շօ­շա­փե­լի ա­պա­ցոյց մը պէտք էր՝ հա­մայն­քը հանգս­տաց­նե­լու, ստեղ­ծուած մտա­հո­գու­թիւ­նը փա­րա­տե­լու եւ մա­նա­ւանդ մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զե­լու հա­մար, որ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը կը պա­հէ միաս­նա­կա­նու­թիւն, գո­նէ այդ կտրուած­քով կը կա­սե­ցուի պա­ռակ­տու­մը եւ այս անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­մա­նի հի­ման վրայ պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ Ազ­գա­յին­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ յար­մար նկա­տե­ցին, որ սրբա­զան­նե­րուն եւ ի­րենց կող­մէ ստո­րագ­րուած այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուի հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը կող­մէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այդ պաշ­տօ­նին կո­չեց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար։ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ան­մի­ջա­պէս լուր ու­ղար­կուե­ցաւ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։

Սրբա­զան­նե­րը մնա­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ, իսկ աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը ան­ցան «Պէզ­ճեան» սրահ, ուր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­նե­րուն եւ մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան խա­ւե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ ըն­թեր­ցուե­ցաւ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս չբա­ւա­րա­րուե­ցան այդ ար­ձա­նագ­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թեամբ, քննա­դա­տե­ցին պա­րու­նա­կու­թեան կարգ մը հա­կա­սա­կան կէ­տե­րը ու ծա­գե­ցան բուռն վէ­ճեր։ Այս­պի­սի ա­նո­րոշ կէ­տի մը վրայ մնաց խնդի­րը։

«Պէզ­ճեան» սրա­հի խորհ­րակ­ցու­թեան ա­ւար­տին, կէս գի­շե­րին ապ­րուե­ցան ա՛լ ա­ւե­լի նոր զար­գա­ցում­ներ։ Գում­գա­բուի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած լա­րուած մթնո­լոր­տը չէր սպրդած եր­կու սրբա­զան­նե­րու ու­շադ­րու­թե­նէն։ Ա­նոնք ցաւ ու մտա­հո­գու­թիւն կ՚ապ­րէին այս ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով։ Ուս­տի, կէս գի­շե­րին խորհր­դակ­ցե­ցան նաեւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուին հետ։ Ի վեր­ջոյ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ո­րո­շե­ցին ի­րենց յօ­ժար կամ­քով հաս­տա­տած հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը պսա­կել լիար­ժէք նշա­նա­կու­թեամբ։ Վե­րա­հաս­տա­տե­լով ի­րա­րու մի­ջեւ եղ­բայ­րա­կան վստա­հու­թիւ­նը՝ ա­նոնք ո­րո­շե­ցին ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նիլ ո՛չ թէ հապ­ճե­պով կազ­մա­կեր­պուած ար­ձա­նագ­րու­թեան մը հի­ման վրայ, այլ բնա­կա­նոն եւ ըն­դու­նուած գոր­ծու­նէու­թեան մը պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ հա­մա­պա­տաս­խան շի­նիչ տրա­մադ­րու­թեամբ։ Ուս­տի, եր­կու սրբա­զան­նե­րը ո­րո­շե­ցին մէկ կողմ թո­ղուլ ի­րենց կազ­մած ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք յար­մար դա­տե­ցին նաեւ ջնջել այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն նա­խա­տե­ս-ւած ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան յա­ռա­ջի­կայ Ե­րեք­շաբ­թի միաս­նա­բար պի­տի ու­ղե­ւո­րուին դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ա­նոնք պի­տի հիւ­րըն­կա­լուին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րու ճգնա­ժա­մա­յին մթնո­լոր­տին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­ւա­բար ան­մի­ջա­կան շփման մէջ գտնը-ւած է եր­կու սրբա­զան­նե­րուն հետ՝ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց իր հայ­րա­պե­տա­կան դրա­կան պատ­գա­մը՝ որ­պէս ե­պիս­կո­պո­սա­պետն ու գլու­խը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս ըն­թաց­քին միշտ պա­ղա­րիւ­նու­թեան յոր­դոր­ներ փո­խան­ցած է մեր եր­կու սրբա­զան­նե­րուն, ո­րոնք յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րեն պի­տի ներ­կա­յա­նան հո­գե­ւոր ար­դար ու­րա­խու­թիւ­նով։ Ա­նոնք Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի սրբա­զան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ ա­ղօթք պի­տի բարձ­րաց­նեն առ Աս­տուած՝ ի­րենց եղ­բայ­րու­թեան հա­մար։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով ան­ցու­մա­յին բարդ շրջա­նի պայ­ման­նե­րը փո­փո­խու­թեան պի­տի չեն­թար­կուին հա­մայն­քէն ներս։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը թա­փուր է եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հա­մո­զուած են, որ ար­դէն այ­լեւս կա­րե­լի չէ նոյ­նիսկ ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին ար­հես­տա­կա­նօ­րէն յե­տաձ­գել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը։ Ներ­կայ հա­մե­րաշ­խու­թեան հաս­տատ­ման տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր գոր­ծօն մը ե­ղած է նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի մի­ջեւ տե­ղի  ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կա­տա­րուած քննար­կու­մը։ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան խոս­տա­ցած է մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ զբա­ղիլ ընտ­րու­թեան հար­ցով։ Իր պատ­գա­մը հա­մայն­քին փո­խան­ցուած էր Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուին կող­մէ։ Այդ տուեա­լին ալ առ­թած լա­ւա­տե­սու­թեամբ յաղ­թա­հա­րուած է այս ճգնա­ժա­մը, ո­րով­հե­տեւ ընտ­րու­թեան հո­րի­զո­նը ար­դէն ու­րուագ­ծուած կը հա­մա­րուի։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն վե­րա­դար­ձին զու­գա­հեռ թե­րեւս կրնան յստա­կե­նալ այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ ար­դէն մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ ալ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար:

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2017