ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեան Տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Տարեմուտին նախատեսուած, սակայն ակամայ յետաձգուած այս խրախճանքը կեանքի կոչուեցաւ Բարեկենդանի ընդառաջ։ Աշակերտներ եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ մանուկներ կամ պատանիներ հաճելի ժամանց ունեցան այս խրախճանքի ընթացքին։ Մասնակիցներուն համար կատարուեցաւ պատուասիրութիւն, մինչ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Հտպիտներու հսկողութեան ներքեւ փոքրիկները խաղացին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Խրախճանքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020