ՀՈԳԵԲՈՒԺԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆ

Նշանթաշիի մէջ վերջերս գործել սկսած է EMPATİST հոգեբուժական դարմանատունը, որու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Չորս գործընկերներու համատեղ նախաձեռնութեամբ հիմնուած է այս դարմանատունը։ Անոնք են՝ Տոց. Նուրհան Ֆըստըքճը, Մինաս Մեծատուր, Փայէլ Գազանճը եւ Վահան Իւչքարտէշ։ Մասնագիտական այս կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը կատարէ Տոց. Նուրհան Ֆըստըքճը։ Մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու համար հոգեբանական եւ հոգեբուժական ծառայութիւններ կը մատուցուին EMPATİST-ի մէջ։ Շաբաթավերջի պաշտօնական բացման առթիւ սարքուած ընդունելութեան մասնակցութիւն բերին բժշկական շրջանակներէ եւ կրթական հաստատութիւններէ յայտնի անուններ։

Նորաստեղծ կեդրոնը կը նախատեսէ սերտ յարաբերութեան մէջ ըլլալ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու հետ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020