ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։ Իրեն ընկերացած են Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հանրային յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր։

Անգարայի մէջ Զեքիեան Գերապայծառ ընդունուած է Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէի, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի, Աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան փոխ-նախարար Ատնան Էրթէմի, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշի կողմէ։

Զեքիեան Գերապայծառ երէկ վերադարձած է Անգարայէն, ուր իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւններու բովանդակութեան կապակցութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022