ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՅԱՐԿԱԲԱԺՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կեդրոնական վարժարանի յարակից խանէն նոր յարկաբաժին մը կցուեցաւ կրթօճախին։ 250 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ տարածքը վարժարանին նուիրաբերած է Ճանէլ ընտանիքը։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը վերջին տարիներուն հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ վարժարանի տարածքը, զուգահեռաբար նաեւ ուսուցման հնարաւորութիւնները ընդլայնելու համար։ Այս որոնումներուն շրջագծով խնամակալութիւնը վերջերս ապահոված է զօրակցութիւնը Ճանէլ ընտանիքին, որ համայնքապատկան այս կալուածի կրթական նպատակներով օգտագործման համար եղած է բարերար։
Այս առթիւ վարժարանի դահլիճին մէջ երէկ յետմիջօրէին կազմակերպուեցաւ հանդէս մը, որուն ներկայ էին Տ․ Սահակ Եպսկ․ Մաշալեան, Տ․ Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետի խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Թրքահայ ուսուցչած հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, համայնքային հաստատութիւններէ ու վարժարաններէ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հրաւիրեալներ։ Պատուոյ հիւրերն էին բարերար ընտանիքին անդամները՝ Ժիրայր-Սիրանոյշ Ճանէլ, Թորգոմ-Իրմա Ճանէլ, Խաչիկ-Ալին Ճանէլ, Սեւան-Արմինէ Շահինկէօզ։ Հանդէսի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցէն ներս կատարուած ընդարձակման այս աշխատանքին մասին։
Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, Շանթ Էսմեր, ինչպէս նաեւ Սեռա Ենիճէ, Մելիսա Պոզթաշ ներկայացուցին դաշնամուրի ունկնդրութիւն մը։ Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ վարժարանի պատմականին մասին տեսերիզ մը։ Ներկայացուեցաւ նաեւ կեդրոնականցի բարերարներուն՝ Ժիրայր, Խաչիկ եւ Թորգոմ Ճանէլներուն կենսագրականը, զոր ներկայացուց աշակերտներէն Տայք Միսիսօղլու։
Խօսք առաւ նաեւ Ղալաթիոյ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար ընտանիքին։ Ան իր խօսքը ուղղելով հաւաքոյթի մասնակիցներէն նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքին, յայտնեց, թէ իր կողմէ կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ Հրանդ Տինքի անունով գրադարան մը պիտի հիմնուի շուտով վարժարանի երդիքին տակ։
Ապա Սիլվա Գույումճեան յուշանուէր մը յանձնեց Սիրանոյշ Ճանէլին։ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ Սրբազան հայրն ալ յուշանուէր մը յանձնեցին Ժիրայր Ճանէլին։
Հուսկ բանքը արտասանեց Սրբազան հայրը, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ բարերարներուն նուիրումը։
Այնուհետեւ նոր յարկաբաժնին մօտ կտրուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէն մը՝ Սրբազան հօր եւ բարերարներուն ձեռամբ։ Ներկաները շրջեցան նոր դասարանները, փորձարանները, թրքերէնի, հայերէնի, ուսողութեան մասնաբաժինները։
Աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հիւրերը շրջապատուեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան անդամներուն, Կեդրոնականի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ։ Բոլորը առիթ ունեցան իրենց գնահատանքը յայտնելու Ճանէլ ընտանիքի ջանքերով ապահովուած այս արդիւնքին կապակցութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024