«ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԹԷ՛ ՔԱՂԱՔԻՍ ԵՒ ԹԷ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Անմահ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակը կենդանի պահելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս հիմնարկը, որ զուգահեռաբար ծնունդ կու տայ գեղարուեստական նոր շարժումներու։ Հիմնարկի հիմնադիրներէն Ռեհան Սարըպայ խմբագրատունս տուած այցելութեան ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ վերջին նորութիւններուն կապակցութեամբ։
Ինչպէս միշտ, հաճելի զրոյց մը ունեցանք Ռեհան Սարըպայի հետ։ Ան նախ անդրադարձաւ արտասահմանի իրադարձութիւններուն, իսկ աւելի վերջ բացատրեց քաղաքիս մէջ նախատեսուած ձեռնարկները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ այս շրջանին կարեւոր ձեռքբերումներ կ՚ապահովուին Քրիստին Սալերիի գեղարուեստական ժառանգութեան արժեւորման տեսանկիւնէն։ «Ալասքա» օդային ընկերութիւնը ներկայ Մարտի իր ամսագրին մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուցած է Քրիստին Սալերիին։ Ամսագրին մէջ ընկերութեան ուղեւորներուն կ՚առաջարկուի «Քրիստին Սալերիի գիւտը»։
Ֆրեզնոյի մէջ, «Հենրի Մետըն» նահանգային գրադարանէն ներս կ՚իրականացուի ռեթրոսփեքթիֆ ցուցահանդէս մը, որու շրջագծով ներկայացուած է 75 ստեղծագործութիւն։ Փետրուարի 6-էն ի վեր բաց է այս ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիսի 31-ը։ Ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան հաղորդ դառնալու Սալերիի արուեստին։ Բաց աստի, ցուցահանդէսի գովազդները կ՚երեւին քաղաքի փողոցներուն մէջ, իսկ այդ գովազդներն ալ պատրաստուած են անմոռանալի նկարչուհիին գործերով։ Այսինքն Ֆրեզնոյի փողոցներուն մէջ յաճախ աչքի կը զարնեն Սալերիի վրձինին հետքերը։
Հիւսթընի «Պափթիստ» համալսարանը երկու ուսանողներու համար կրթաթոշակ մը հաստատած է՝ Քրիստին Սալերիի անունով։ Ներկայիս նոյն համալսարանէն ներս ցուցադրութեան դրուած են Քրիստին Սալերիի յախճապակիի վրայ չորս ստեղծագործութիւնները, որոնք կ՚արժանանան անմիջական ուշադրութեան։ Դարձեալ Հիւսթընի մէջ, «Պլեֆըր» գեղարուեստի թանգարանէն ներս բացուած է աշխատանոց մը, որ կոչուած է Քրիստին Սալերիի անունով։ Աշակերտներ այնտեղ կը տանին բազմաբնոյթ աշխատանք։
Արտասահմանի այս զարգացումներուն առընթեր, յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս մէջ ալ նախատեսուած է ձեռնարկ մը։ Սա Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթն է, որ դարձած է աւանդական։ Այս տարի արդէն հինգերորդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։ Ռեհան Սարըպայ մեզի յայտնեց, որ Մարտ 19-ին, Շաբաթ, Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցոյթը, պոլսահայ համայնքային վարժարաններէ աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Օրուան սկիզբին պիտի գծեն առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու սաները, իսկ օրուան երկրորդ կէսին՝ հինգերորդէ մինչեւ ութերորդ եւ իններորդէ մինչեւ տասներկրորդ դասարաններու տղաքը, առանձին խումբերով։
Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 30-ին նոյնպէս Մխիթարեան վարժարանին մէջ, դափնեկիրները պիտի ստանան դրամական պարգեւներ։ Դատակազմին մէջ են՝ Արշօ Գասպարեան, Արթին Տեմիրճի եւ Մառլէն Թեքիրտաղլըճան։ Գեղարուեստական խորհրդականներն են՝ Ռեհան Սարըպայ եւ Մայտա Սարիս։
Մրցոյթը առիթ մը կը հանդիսանայ մեր վարժարաններու աշակերտներուն ստեղծագործական ընդունակութիւնները չափելու համար։