ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ պա­հոց շրջա­նի վեր­ջին Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, մինչ եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա­յի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ուխ­տա­ւոր դպիր­նե­րը։ Այս ան­գամ եւս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը լե­ցու­ցած էր Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին, ուր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եր­գուե­ցաւ «Տէր ո­ղոր­մեա»ն, իսկ Ա­րե­ւա­գա­լէն վերջ կա­տա­րուե­ցաւ ջրօրհ­նէք։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը սար­քեց Մեծ պա­հոց շրջա­նի հեր­թա­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Այս առ­թիւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի կող­մէ օրհ­նուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լոր­տին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­րու հետ հաց բե­կա­նե­ցին։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը ջեր­մօ­րէն հիւ­րըն­կա­լե­ցին այս հո­գե­ճաշ-սի­րոյ սե­ղա­նին մաս­նա­կից­նե­րը։ Ա­ւագ շաբ­թուան խորհր­դա­ւոր օ­րե­րու ըն­դա­ռաջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րա­րու հրա­ժեշտ տուին՝ յա­ջորդ տա­րուան ար­ժա­նի ըլ­լա­լու մաղ­թան­քով։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016