ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նը՝ ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Գում­գա­բու։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հո­գա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Քի­լէ­ճիի, 50-ա­մեա­կի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Նաժ­տա Շա­տեա­նի եւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կի­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­շադ­րու­թեան յանձ­նուե­ցաւ, թէ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի սկսի 50-ա­մեա­կի ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այս նա­խագ­ծին հա­մար խնդրե­ցին նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը սի­րով ըն­դա­ռա­ջեց ներ­կա­յա­ցուած խնդրան­քին, ող­ջու­նեց այս յատ­կան­շա­կան յո­բե­լեա­նը եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը տուաւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ներգ­րա­ւուած են այս յո­բե­լե­նա­կան ծրագ­րին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016