ՄԻՆՉԵՒ 12 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր Ժիրայր Օհանեան Չաքըրի յիշատակին։ Մինչեւ տասներկու տարեկան մարզիկներու համար նախատեսուած արագ ճատրակի մրցաշարք մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեան։ Այս մրցաշարքը արդէն մաս կը կազմէ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան մրցաշարքերու ժամանակացոյցին։
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ եւս մասնակցած են այս մրցաշարքին։ Մասիս Գարա, Փառէն Մեծատուր, Տարօն Սիրականեան, Արթուն Էօզպիւլպիւլ եւ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ներկայացուցած են Ֆէրիգիւղի վարժարանը։ Բաց աստի, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ալ մրցաշարքին մասնակցած են Ռոյ Սոմէր եւ Ժան Սոմէր։
Մրցաշարքի արդիւնքին դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեց Փառէն Մեծատուր, որ հանդիսացաւ երրորդ։ 6-ի վրայ 4.5 նիշ ապահովելով ան արձանագրեց ուշագրաւ յաջողութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ Փառէն Մեծատուր կը ստանայ ճատրակի կրթութիւն։
Այս մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութիւն։ Ներկայ էին նաեւ հանգուցեալ Ժիրայր Օհանեան Չաքըրի հարազատները՝ Լինտա Օհանեան Չաքըր, Սայաթ Մուրատօղլու, ինչպէս նաեւ ճատրակի բնագաւառէն յայտնի դէմքեր։