ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

«Պո­ղա­զի­չի» տե­սո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ներ­կա­յա­ցում մը սար­քեց Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հին մէջ։ «Kim var orada? Muhsin Bey'in son Hamleti» խո­րագ­րեալ խա­ղը ար­ժա­նա­ցաւ թա­տե­րա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ այլ հիւ­րեր։

Դե­րա­կա­տար­ներ՝ Պա­նու Ա­չըք­տե­նիզ, Ճիւ­նէյթ Եա­լազ եւ Իլ­քէր Եա­սին Քես­կին ներ­կա­յա­ցու­ցին այս խա­ղը, ո­րու բե­մագ­րու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի թատ­րո­նի եր­կու մեծ վար­պետ­նե­րու՝ Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նի եւ Մուհ­սին Էր­թուղ­րու­լի վե­րա­բե­րեալ պատ­մու­թեան մը։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016