ՄԵՂՈՒԱՋԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի կող­մէ կա­տա­րուած տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը ար­դէն յե­ղաշր­ջած է թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը նա­խըն­թաց օր տե­ղա­պահ ընտ­րեց Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը, սա­կայն վրայ հա­սաւ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թե­նէն Պատ­րիար­քա­րան հա­սած պաշ­տօ­նա­կան գրու­թիւ­նը, ո­րով պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ պաշ­տօ­նի գլուխ կը մնայ պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Այս խառ­նաշ­փոթ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ այժմ կ՚ո­րոնուի ելք մը։ Մե­ղուա­ջան աշ­խա­տանք մը յա­ռաջ կը տա­րուի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Հա­մայն­քա­յին բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը շարժ­ման ան­ցած են, տե­ղի կ՚ու­նե­նան խտա­ցեալ ո­րո­նում­ներ՝ առ­կայ կա­ցու­թեան յաղ­թա­հար­ման նպա­տա­կով։ Գում­գա­բուի աղբիւր­նե­րը ե­րէկ ա­ռա­ւօտ պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գրա­ւոր դի­մում կա­տա­րած է՝ որ­պէս­զի ժա­մադ­րու­թիւն մը ա­պա­հո­վէ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թե­նէն։ Այդ սպա­սու­մը կը մնայ ի զօ­րու, իսկ միւս կող­մէ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ա­ռըն­թեր հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներն ալ միտք կը յոգ­նեց­նեն, թէ ինչ­պէս պի­տի յաղ­թա­հա­րուի ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան հա­մա­գու­մա­րին յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ կը վա­րուին միաս­նա­բար եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ու­նին այն հա­մո­զու­մը, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նով կրնայ կար­գա­ւո­րուիլ առ­կայ խնդի­րը։ Իսկ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­մի­ջա­պէս դի­մում կա­տա­րած է կու­սա­կա­լու­թեան մօտ՝ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ա­ւար­տին առ­նուած ո­րոշ­ման հի­ման վրայ։ Իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կէն կը հաս­նին զա­նա­զան լսում­ներ, ըստ ո­րոնց ան ան­պայ­ման հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ օ­րի­նա­կան լու­ծու­մի մը՝ որ­պէս­զի հա­մայն­քը զերծ մնայ ցնցում­նե­րէ։

Թէ ինչ­պի­սի՞ հու­նի մը մէջ պի­տի ըն­թա­նան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, թէ ի՞նչ հու­նի մէջ պի­տի հա­սուն­նայ գոր­ծըն­թա­ցը, ա­ռայժմ վաղ է կան­խա­տե­սել վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Յա­մե­նայն­դէպս, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս յա­ռաջ կը տա­րուին լայ­նա­ծա­ւալ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ կը ջա­նայ իր ներդ­րու­մը բե­րել՝ որ­պէս­զի դրա­կան ձե­ւով լու­ծուի այս տագ­նա­պը։ Կարճ խօս­քով, այժմ հա­մայն­քի ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է՝ սկզբունքնե­րու եւ գործ­նա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ ոս­կէ մի­ջին մը գտնե­լու վրայ։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցի յաղ­թա­հար­ման ջան­քե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ մեր հա­մայն­քը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է յա­ւե­լեալ ճգնա­ժա­մի մը։ Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան, ար­դիւն­քի պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ ճա­նաչ­ման խնդի­րը ե­կած է խո­րաց­նել կա­ցու­թիւ­նը։ Յա­մե­նայն­դէպս, այդ բո­լո­րի յաղ­թա­հար­ման հա­մար բա­զում հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ մտա­յին վար­ժանք մը, բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք մը սկսած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

Որ­քան որ ալ մեր ժո­ղո­վուր­դին, հան­րա­յին կար­ծի­քին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ըլ­լայ վառ՝ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ շօ­շա­փե­լի մաս­նա­ւոր զար­գա­ցում մը չէ ար­ձա­նագ­րուած եւ ընդ­հա­նուր սպաս­ման, ա­նո­րո­շու­թեան մթնո­լոր­տը կը շա­րու­նա­կուի հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

Առ­կայ պայ­ման­նե­րով ար­դէն դժուար է յստակ ժամ­կէտ­ներ կան­խա­տե­սել կամ են­թադ­րու­թիւն­ներ ը­նել ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը ա­ռու­մով։ Դար­ձեալ թէ՛ դժուա­րին եւ թէ համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թա­ցի մը հո­րի­զո­նը ու­րուագ­ծուած է մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ։ Այժմ կը սպա­սուի, թէ շա­բա­թա­վեր­ջի դրու­թեամբ ի՞նչ նո­րու­թիւն­ներ տե­ղի կրնան ու­նե­նալ հա­մայն­քէն ներս։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017