ԿՂԶԵԱՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներն ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Նորընտիր վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային Խորհուրդի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023