Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Բոլորը հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն հետեւեցան, նաեւ լսեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզին։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Նորին սրբազնութիւնը օրուան քարոզին մէջ խորհրդածութիւններ ըրաւ Մեծ պահոց նուիրական շրջանին կապակցութեամբ։ Ան կարեւորեց Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնի պատրաստութեան շրջանը եւ յորդորեց բոլորին, որպէսզի Մեծ պահոց նուիրական օրերը լաւ արժեւորեն խոկումի եւ հոգեւոր ամփոփման տեսակէտէ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, տէր հայրը, խնամակալութեան ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալները այս առթիւ համախմբուեցան սեղանին շուրջ եւ Պահքի շրջանին իրարու հետ հաց բեկանեցին։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023