ՄԱՍՆԱԳԷՏԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ
Շիշլիի գերեզմանատան պաստառներու հարցին շուրջ երէկուան մեր հրատարակութիւններէն վերջ, օրուան տեւողութեան կապ հաստատեցինք Կեդրոնական վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ Եավուզ Քըլըչէրի հետ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէն ներս օրակարգի վրայ եկած են պնդումներ, ըստ որոնց Ասպետ Ջունդի դամբարանէն լուսանկարներ կորսուած էին։ Երէկ այդ լսումներուն մանրամասն անդրադարձած էինք՝ գերեզմանատան յանձնախումբի այժմու պատասխանատուներէն Էրօլ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեանի եւ նախկին կազմի ատենապետ Կարօ Համամճեանի բացատրութիւններուն լոյսին տակ։ Ի լրումն այս բոլորին թերթս մամուլի յանձնելէ վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Եավուզ Քըլըչէրի հետ։ Թէ՛ Կիւզէլտէվլէթեան եւ թէ Համամճեան մեզի յայտնած էին, որ պաստառները կորստեան չեն մատնուած, այլ նորոգութեան ուղարկուած են Եավուզ Քըլըչէրի մօտ։ Մեր հեռախօսազրոյցին ընթացքին Քըլըչէր հաստատեց, թէ պաստառները իր մօտ կը գտնուին վերանորոգութեան համար։
Կարօ Համամճեան յայտնած էր, որ ինք 2008 թուականին թողած էր գերեզմանատան յանձնախումբի պատասխանատուութիւնը, իսկ այդ պաստառները իր գործունէութեան վերջին շրջանին, իր գիտակցութեամբ ու հաւանութեամբ յանձնուած էին Եավուզ Քըլըչէրին։ Իսկ Էրօլ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան նշած էր, որ գերեզմանատան յանձնախումբի ներկայ կազմը գործի գլուխ եկած է 2009 թուականին եւ այդ պահու դրութեամբ իրենք գերեզմանատան մէջ չեն գտած Ասպետ Ջունդի շիրմի այդ նկարները։ Այստեղ շուրջ վեց-եօթ տարուան վաղեմութեան մը մասին խօսած էին գերեզմանատան յանձնախումբի նախկին եւ այժմու պատասխանատուները։ Իսկ Եավուզ Քըլըչէր մեզի յայտնեց, թէ նկարները շուրջ երկու տարի առաջ յանձնուած են իրեն։ Ան նախ գերեզմանատան մէջ տեսած է այդ վնասուած գործերը՝ վարչական համալիրէն ներս։ Նկատի ունենալով, որ մեծադիր պաստառներուն վերանորոգութիւնը հնարաւոր չէր տեղւոյն վրայ, ապա ան որոշած է իր աշխատանոցին մէջ տեսնել անհրաժեշտ գործը։ Գերեզմանատան վարչական շէնքին մէջ խնդրին ծանօթանալէ վերջ, պատասխանատուները Եավուզ Քըլըչէրին ուղարկած են պաստառները։
Երէկուան մեր հաղորդումներուն մէջ կար նաեւ ուրիշ պղտոր կէտ մը։ Կիւզէլտէվլէթեանի փոխանցած տուեալներով, վերանորոգութեան ուղարկուած էին երեք գործեր, իսկ այդ թիւը Կարօ Համամճեանի կողմէ ներկայացուած էր երկու։ Եավուզ Քըլըչէրի հետ մեր զրոյցի ընթացքին կարելի եղաւ յստակեցնել նաեւ այս հանգամանքը։ Արդարեւ, իր մօտ կը գտնուին երեք գործեր։ Անոնցմէ երկուքը Ասպետ Ջունդի գերդաստանի դիմանկարներն են, իսկ միւսը, աւելի փոքրածաւալ գործ մը, եկեղեցական սրբապատկեր մըն է, որ եւս վերանորոգութեան կարիքը ունի։
Եավուզ Քըլըչէր մեզի յայտնեց, որ այդ գործերը ստանձնելու ժամանակ իր աշխատանոցը կը գտնուէր Ղալաթիոյ մէջ, իսկ յաջորդող շրջանին ան տեղափոխուած է Մոտա։ Փոխանցման շրջանի ծանրաբեռնուածութեան պատճառով կրնայ ըլլալ, որ ինք այս պահուն բոլոր մանրամասնութիւնները չյիշէ, սակայն իրեն համար էականը եղած է այն, որ արդէն շատ աւելի վաղեմի յարաբերութիւն մը ունեցած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հետ։ 1989-1990 թուականներուն Եավուզ Քըլըչէր լայնածաւալ աշխատանք տարած է՝ սրբապատկերներու խնամքին համար։ Այդ ծանօթութիւնը արդէն վերածուած է մշտական շփումի մը։ Ընթացքին ուրիշ հաստատութիւններու հետ ալ աշխատած է Եավուզ Քըլըչէր, որ մշտական ու դրական կապ մը ունեցած է Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ։ Մեր զրոյցին ընթացքին Եավուզ Քըլըչէր հաստատեց, թէ վերանորոգութեան այս ծրագիրը յապաղած է նիւթական պատճառներով։ Իրեն հարց տուինք, որ միթէ բնականո՞ն է առանց տնտեսական պայմաններու շուրջ վերջնական համաձայնութեան հասնելու՝ վերանորոգուելիք պաստառներուն յանձնումը կամ ստանձնումը։ Ան այս հանգամանքը մեկնաբանեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ։ Արդարեւ, Եավուզ Քըլըչէր դիտել տուաւ, թէ ինք անկանխատեսելի գործընկեր մը չէ եղած Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին համար։ Քիչ մը աւելի կամ քիչ մը պակաս, թաղային խորհուրդը արդէն գիտէ, որ ի՛նչպիսի գործի մը համար ի՛նչ մակարդակով գումար մը կը փոխանցէ իրեն։ Մնաց որ, մասնագէտը միշտ ալ հրապարակի պայմաններուն բաղդատմամբ շատ աւելի մատչելի պահանջներ կը ներկայացնէ թաղային խորհուրդին։ Ահա այս պայմաններուն եւ այս փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտին մէջ է, որ այդ նկարները յանձնուած են Եավուզ Քըլըչէրին։ Թաղային խորհուրդը նկարներու յանձնումէն վերջ Եավուզ Քըլըչէրին տեղեկացուցած է, որ այդ գործերուն համար միջոց մը պիտի յատկացուի ապագային։ Այս կարգադրութեան տրամաբանութիւնը եղած է նաեւ այն, որ նման վերանորոգութեան աշխատանքներուն համար թաղային խորհուրդը չ՚աշխատիր այլ մասնագէտներու հետ ու բացառապէս կը համագործակցի Եավուզ Քըլըչէրի հետ։ Ուստի, անպատեհութիւն չէ նկատուած նաեւ այդ գործերուն Եավուզ Քըլըչէրի մօտ ի պահ դրուիլը։
Եավուզ Քըլըչէր յայտնեց, որ իրականութեան մէջ զուտ նիւթական իմաստով այդքան մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ այդ պաստառները, որոնք անստորագրադիր են։ Մանաւանդ յուշարձան-շիրիմի երկու մեծադիր դիմանկարները լրջօրէն վնասուած են փակ ու խոնաւ միջավայրի մը մէջ գտնուելու բերումով։ Այդ դիմանկարները ներքեւի մասէն սկսեալ գրեթէ փտած են շուրջ 30-40 սմ. բարձրութեամբ հատուածով մը։ Պաստառներուն շրջակայքն ալ թէեւ վնասուած է որոշ չափով, բայց ոչ նոյն սաստկութեամբ։ Հիմա այս բոլորը Եավուզ Քըլըչէրի կողմէ պիտի վերանորոգուին։
Մեր հեռախօսազրոյցի եզրափակիչ փուլին, Եավուզ Քըլըչէր յայտնեց, թէ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը միջոց մը առաջ իրեն հետ վերստին կապ հաստատելով պահանջած էր այդ պաստառներու վերանորոգութեան ձեռնարկուիլը։ Ինք ալ պատասխանած էր, թէ աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ, սակայն անկարելի էր այդ գործը ընել անմիջապէս եւ ինք առնուազն մէկ ամսուան ժամանակաշրջանի մը կը կարօտէր այդ աշխատանքը աւարտին հասցնելու համար։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը վստահեցուցած էր, թէ պաստառներու վերանորոգման աւարտին Եավուզ Քըլըչէրին պիտի վճարէր անհրաժեշտը։