ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Գրիգոր Սրկ. Սամուէլեան, Էրճան Սրկ. Քարափէքմէզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան եւ Վառվառեան դպրաց դաս-երգչախումբերու խառն կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։

Օրուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ Կրկնազատիկի մասին։ «Տիրոջ յարութիւնը նոր սկիզբ մըն է եւ կիրակին Տիրոջ օրն է», ըսաւ ան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023