ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ ԳՐՈՂ ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի շրջանին, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը սաներ, գլխաւորութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի, իրականացուցեր էին աշխատանք մը՝ բացայայտելու համար նահատակ գրագէտ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) կենսագրութենէն որոշ դրուագներ։
Այսպէս, ի ձեռին ունենալով Ռուբէն Սեւակի եղբօր զաւկին՝ այժմ ֆրանսաբնակ մտաւորական Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կողմէ տրամադրուած արխիւային լուսանկարներ ալ, մխիթարեանցի սաներ այցելեր էին Սեւակի ծննդավայր քաղաքը՝ Սիլիվրի, յայտնաբերելու այն տունը, ուր ծնած ու սնած էր մեծ բանաստեղծը։ Սիլիվրիի քաղաքապետութեան օժանդակութեամբ կայացած այս մշակութային պտոյտի ժամանակ պատանիները տեսեր էին, որ քաղաքի բնակիչներու յիշողութեան մէջ թէեւ աղօտ կերպով ներկայ է բանաստեղծին ու առհասարակ հայոց յիշատակը, սակայն տունը կործանած է այժմ եւ կան միայն տան հիմքերը։
Մխիթարեանցիներու երկրորդ հանգրուանը եղեր էր Պարտիզակը, ուր Ամերիկեան գոլէճի մէջ իր ուսումը ստացած էր Ռուբէն Սեւակ։ Պարտիզակցի պատմաբանի մը օժանդակութեամբ տեղի ունեցած այս շրջապտոյտի ժամանակ տղաքը տեսեր էին, որ կանգուն է միայն Ամերիկեան գոլէճի մատուռը, ծանօթ «Չէյմպըրս հոլ» անունով, որու պատերուն վրայ տակաւին կը նշմարուին հայկական տառերը։
Շահեկան այս պտոյտներու արդիւնքը հրապարակելու ու տպաւորութիւնները փոխանցելու նպատակով վարժարանի երդիքին տակ կայացաւ Ռուբէն Սեւակի յիշատակին ձօնուած ցերեկոյթ մը, որու մասնակիցներն էին Մխիթարեան միաբանութենէն Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեան, տնօրէնուհիներ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան, Քաթիա Վարկը, կրթական մշակներ ու աշակերտութիւնը։ Հանդիսավարներն էին Նատին Մանկիօղլու ու Այգ Թուրաչ, որ Սեւակի կենսագրութենէն ծանօթութիւններ տալու առընթեր՝ բարձրախօսի մօտ հրաւիրեցին իրենց ընկերները՝ արտասանելու մեծ բանաստեղծի քերթուածներէն նմոյշներ։ Վարժարանիս հայերէնի ուսուցչուհիներ Վերա Չըքընօղլուի ու Լեռնա Եաղեազանի կողմէ մարզուած աշակերտները՝ Գայիանէ Ալոյեան, Իլայտա Ալիքսանեան, Սիրակ Արմաղանեան, Մասիս Տեմիրէլ, Քամի Պալմումճեան, Արի Պարսամեան, Սարին Ինան, Քլոտիա Կիւլթաշեան, Քարին Կիւլպենկօղլու, Սելին Տուրմազկիւլէր, Առատ Յուլիկեան, Թենի Տեմիրէր, Զուլալ Քալաթաշ ու Սեմանուր Թաշքէօփրիւ ասմունքեցին Սեւակէն քերթուածներ, իսկ Հերման Ատալեան ընթերցեց այն ուղերձը, զոր յատկապէս մխիթարեանցիներու այս ձեռնարկին յղած էր Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Նիսէն։
Այնուհետեւ բեմ առաւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ պատմեց աշակերտներու հետ իրականացուած աշխատանքը՝ Սիլիվրիէն մինչեւ Պարտիզակ, ինչպէս նաեւ Էլմատաղ, ուր կը բնակէր նահատակ բանաստեղծը իր ընտանիքին հետ։
Շահեկան աշխատանքի մը արդիւնք այս ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեանի սրտի խօսքով, որու ժամանակ ան գնահատեց ձեռնարկին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։