ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՐԷԿ ՆԻՍՏ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը։ Բուն օրակարգի խնդիրներուն քննարկման անցնելէ առաջ Խորհրդակցական մարմնի անդամները նկատի առին համայնքէն ներս վերջին օրերուն կրթական հարցերու շուրջ ծագած բանավէճը։ Ժողովականները այս նիւթին կապակցութեամբ իրենց մօտեցումները յանձնեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատառման։

Նիստի տեւողութեան ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ համար որպէս հատուցում պետութեան կողմէ տրամադրուած հսկայ գումարներուն եւ անոնց արժեւորման եղանակներուն վերաբերեալ նիւթեր։ Խորհրդակցական մարմ-նի անդամները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին այս կարեւոր նիւթին շուրջ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած տուեալները, լսումները, մինչ տեղւոյն թաղային խորհուրդին հաւանութեամբ ստեղծուած յանձնախումբ մըն ալ աշխատանք կը ծաւալէ իր հերթին։ Ժողովականներէն ոմանք նորին սրբազնութեան խորհուրդ տուին, որ Պատրիարքական Աթոռը աւելի անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ մեր համայնքին տեսակէտէ կենսական այս նիւթին նկատմամբ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովականներուն բացատրութիւններ տուաւ նախօրէին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքիի հետ ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ նախարարը անհրաժեշտ խոստումը տուած է՝ որպէսզի Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերանորոգուի պետութեան միջոցներով։

Իսկ օրակարգային քննարկումներու ծիրին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման աշխատանքին վրայ։ Հաշուի առնելով օրակարգի այս երեսակը՝ նորին սրբազնութիւնը Խորհրդակցական մարմնի ժողովին հրաւիրած էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Սարվէն Սերթշիմշէքը, որ երկար տարիներէ ի վեր թէ՛ տեղական եւ թէ ընդհանրական մակարդակի վրայ աշխատանք կը տանի այս հարցին շուրջ՝ օգտուելով նաեւ արդի փորձագիտական հնարաւորութիւններէն։

Խորհրդակցական մարմինը ապագային իր աշխատանքը աւելի նպատակասլաց կազմակերպելու առաջադրութեամբ կը նախատեսէ ստեղծել կարգ մը յանձնախումբեր կամ ենթայանձնախումբեր։ Ժողովականները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատառման յանձնեցին իրենց տեսակէտները, թէ ինչպիսի կառուցուածքի մը հիմքերը պէտք է դնել եւ ինչ ուղղութիւններով աշխատանք պէտք է կազմակերպել։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ առաջնահերթութիւն մըն է մեր երիտասարդութիւնը, ուստի, ինք կը փափաքի համայնքէն ներս յաւելեալ միջոցներ ստեղծել՝ որպէսզի կրթաթոշակ ստացող երիտասարդներու թիւը բարձրանայ։

Այս բոլորին առընթեր, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան ժողովին ընթացքին տեղեկացուց, որ Պատրիարքարանի շէնքը ունի վերանորոգման կարիք։ Ժողովականները նորին սրբազնութեան խորհուրդ տուին՝ որպէսզի պիւտճէի յստակ նախագիծ մը պատրաստուի եւ այդ հիման վրայ, ամենայն թափանցիկութեամբ տեղեակ պահուին համայնքային շրջանակները։

Խորհրդակցութեան աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը, բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելով Պատրիարքական Աթոռի ու մեր համայնքի հարցերուն նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018