ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՈՒՄ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային 14-րդ ճատրակի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եռօրեայ մրցաշարքը եզրափակուեցաւ պարգեւաբաշխման արարողութիւնով։ Ներկայ գտնուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Մրցաշարքի արդիւնքին աստղերու դասաւորման մէջ առաջին երկու շարքերը զբաղեցուցին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբերը եւ երրորդ հանդիսացաւ Եշիլգիւղի վարժարանը։

Փոքրերու դասաւորման մէջ դափնեկիր դարձան Մէրամէթճեան, Էսաեան եւ Արամեան-Ունճեան։

Խաղասեղաններու վրայ արձանագրուած յաջողութիւններու հիման վրայ ալ յանձնուեցան մրցանակներ։ Մասնակից բոլոր վարժարաններու ճատրակի խումբերու ուսուցիչներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Պարգեւաբաշխման արարողութեան աւարտին Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը ընդունելութեան սեղանով մը պատուասիրեց մրցաշարքի բոլոր մասնակիցները, որոնք զիրար շնորհաւորեցին եւ ամրան արձակուրդի սեմին փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018