ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԱՆՄԽԻԹԱՐ

Թրքահայ իրականութենէն վերջին օրերուն շատ սիրելի եւ համակրելի դէմքի մը աստղը սահեցաւ. ոչ եւս է Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու։ Համայնքային շրջանակները կը սգան իր կորուստը եւ անկեղծօրէն կը վշտակցին իր ընտանիքին, որ ցնցումի մէջ է այս անժամանակ մահուան հետեւանքով։ Յովհաննէս Սահակօղլու, դժբախտաբար, եկած է համալրել քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու շարքերը։ Ան 51 տարեկան էր եւ ունէր որդի մը։

Յովհաննէս Սահակօղլու աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը, Գոց շուկայի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով՝ շարունակելով հօրենական արհեստը։ Իր սերունդի յատկանշական դէմքերէն մին էր։ Հրապարակի վրայ բարի համբաւի տիրացած, ընկերային շրջանակին կողմէ այնքան սիրուած Յովհաննէս Սահակօղլու ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Ի լրումն այս բոլորին՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին կը բերէր իր անսակարկ ծառայութիւնը։ 2011 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէր Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Անկախ ատենապետի տիտղոսէն՝ ան երկու տասնամեակ եղաւ իսկական նուիրեալ մը, բոլորանուէր սիրով ծառայեց մեր այս հեռաւոր սրբավայրին։ Թէեւ անոր շուրջ հայկական բնակչութիւն գրեթէ չէ մնացած, սակայն Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր լծակից ընկերները հանապազօրեայ պայքար մղեցին, որպէսզի վառ մնայ անոր կանթեղը։ Այդ ջանքերը արքասաւորուեցան եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ տեղը վերահաստատուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի սրտին մէջ, բարձրացաւ անոր ձգողականութիւնը՝ հաւատացեալներու առջեւ միշտ լայն բանալով իր դռները։

Յովհաննէս Սահակօղլուի ատենապետած թաղային խորհուրդի ջանքերուն շնորհիւ 2015 թուականին վերանորոգուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցին։ Ֆիզիքապէս խնամեալ ու բարեկարգուած տեսք մը ստացաւ մեր այս սրբավայրը թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին իմաստով։ Բաց աստի, վարչական գետնի վրայ ալ Յովհաննէս Սահակօղլուի գլխաւորութեամբ կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուեցան։ Եկեղեցապատկան զանազան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերուեցաւ՝ օրինական յամառ պայքարով։ Այդ կալուածներու նպատակասլաց արժեւորման շնորհիւ եկեղեցին դարձաւ ինքնաբաւ, նաեւ Յովհաննէս Սահակօղլուի եւ գործակից ընկերներու ողջունելի կամքով Գարթալի ընտանիքը սկսաւ իր հնարաւորութիւններուն չափով օգնել համայնքային միւս հաստատութիւններուն, իսկ համաճարակի ներկայ շրջանին ալ միշտ չզլացաւ իր լուման՝ ընկերային զօրակցութեան ծրագրերէն, կարիքաւորներու ի նպաստ նախաձեռնութիւններէն։

Հոգելոյս Յովհաննէս Սահակօղլուի յուղարկաւորութիւնը 14 մայիս 2021, ուրբաթ, կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ան հողին յանձնուեցաւ հանգուցեալ հօրը քովը։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հայրաբար մխիթարեց սգաւոր ընտանիքի անդամները։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին դամբանականը խօսեցաւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։

Լուսահոգի Յովհաննէս Սահակօղլուի բարի ու ազնիւ յիշատակը անթառամ կը մնայ իր սիրելիներու եւ ծանօթներու յիշողութեան մէջ, իսկ մեր համայնքի տարեգրութիւնները յաւերժ կը վկայեն՝ անոր ազգային-եկեղեցական կեանքի գործունէութիւնը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Յովհաննէս Սահակօղլուի հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք այրիին՝ Սելին Սահակօղլուին, որդւոյն՝ Հայքօ Սահակօղլուին, մօր՝ Շահանիկ Սահակօղլուին, եղբայրներուն՝ Վահագն-Անէթ Սահակօղլուներուն, Մելքոն-Նարօտ Սահակօղլուներուն, ինչպէս նաեւ Վահան-Սրբուհի Կենճոյեաններուն, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր-Մարիամ Շահինկէօզ ամոլին եւ զաւակներուն, նոյն խորհուրդէն Արէտ-Դալար Քորեան ամոլին։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021