Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՍԿԻՒՏԱՐՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Փորթագալեանի։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Թաղականները զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ Սկիւտարի ընտանիքը կը պատրաստուի հանդէսի մը, որու կազմակերպման համար համագործակցած է նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի հետ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին այս ձեռնարկին։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ միշտ ուրախառիթ է մշակութային ծրագրերու մշակումը, ուստի հիւրերու անձին մէջ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար։
Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024