ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տա­րե­վեր­ջի խրախ­ճան­քի ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Փա­ռա­տօ­նի շաբ­թուան շրջագ­ծով մաս­նա­ւոր բա­ժին մը յատ­կա­ցուե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րու անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րուն։ Դպրո­ցի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու տղա­քը հան­դէս ե­կան՝ փաս­տե­լով ի­րենց անգ­լե­րէ­նի գո­հա­ցու­ցիչ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը։ Գծագ­րու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան նա­խագ­ծե­րը հան­դի­սա­ցան ե­զա­կի ա­ռիթ մը՝ որ­պէս­զի թէ՛ դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ թէ ծնող­նե­րը կա­րե­նան իս­կա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մել ա­շա­կերտ­նե­րու ե­րե­ւա­կա­յու­թեան սահ­ման­նե­րուն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ա­րա­մեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը նուա­գա­րան­նե­րուն տի­րա­պե­տե­լու ա­ռու­մով գնհա­տուե­ցան բո­լո­րին կող­մէ։

Փա­ռա­տօ­նը ու­նէր նաեւ գի­տա­կան բա­ժին, ո­րու շրջագ­ծով ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­ներն ալ ա­նան­տե­սե­լի էին՝ տղոց ամ­բա­րած գի­տու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հի­ման վրայ կա­տա­րուած հե­տե­ւու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէն։

Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուի եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած այս փա­ռա­տօ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի կրթա­կան շրջա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան յու­զու­մը ա­ռա­ւե­լա­գոյն մա­կար­դա­կի հաս­նի դպրո­ցէն ներս ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խրախ­ճան­քի մը մթնո­լոր­տին մէջ կա­րե­լի ըլ­լայ չա­փել տա­րուան մը ըն­թաց­քին կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016