ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Վերջին շրջանին արձակուած դատավճիռներով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ, մեր համայնքէն ներս զանազան նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տարուին այս հարցի յաղթահարման համար։ Ինչպէս արդէն հաղորդուած էր, մասնաւորապէս՝ Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան, Գալֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները կը շարունակեն հետամուտ մնալ այս հարցին։ Այս չորս կառոյցներու մատակարար մարմինները նախապէս որոշած էին ընտրութեան ձեռնարկելու համար շարժման անցնիլ։ Երէկ, այս չորս խնամակալութիւններուն կողմէ հերթական ամփոփ տեղեկութիւնները ներկայացուեցան համայնքային մամուլին։ Խնամակալներու խորհրդակցութենէն վերջ, հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցած է զանազան իրաւաբաններու հետ, որոնք նախապէս կեդրոնական ընտրական մարմիններու մէջ պաշտօն ստանձնած են։ Այս փուլին կատարուած է թեքնիկ եւ իրաւական արժեւորում։ Նախապէս անպաշտօն լսումներ ալ կային, թէ չորս խնամակալութիւնները համատեղ ընտրական մարմին մը ստեղծած են, սակայն ըստ երեւոյթին, այդ փուլը առայժմ չէ հասունցած։

Երէկ հրապարակուած հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ վերոյիշեալ չորս խնամակալութիւնները պատրաստած են անհրաժեշտ փաստաթուղթերը եւ պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցած են Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութեան՝ 3 հոկտեմբեր 2021 թուականին ընտրութեան ձեռնարկելու ակնկալութեամբ։

Ներկայիս կը սպասուի այս դիմումի պատասխանին, ինչ որ այլեւս վաղեմութիւն ստացած այս հարցի լուծման ճանապարհին կրնայ դառնալ բեկումնային։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021