ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին մանկապարտիզպանուհի Սիպիլ Աւագօղլու փոքրիկները ողջունեց ջերմ արտայայտութիւններով։ Ներկաներու շարքին էին Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի մատակարար մարմնի ատենապետ տքթ. Արման Գամառ եւ գործակից ընկերները, տնօրէնուհիներ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Փոքրիկները յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու ծնողներուն անունով արտայայտուեցաւ Նորա Մէլէքեան։ Նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըն ալ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց փոքրիկներուն։ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանն ալ գնահատանքի խօսք մը արտասանեց։ Հուսկ, փոքրիկներուն խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ պարտէզի խաղերով։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2022