ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին վրայ։ Երէկուան եղանակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնները առիթ դարձան՝ որպէսզի համայնքային շրջանակները հերթական անգամ ողջունեն մեր այս եզակի հաստատութեան յարատեւ առաքելութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։

Առաւօտուն կանուխ ժամերէն սկսեալ երէկ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Ալէն Սրկ. Ներկիզ, արտասահմանէն հիւրաբար մեր մէջ գտնուող՝ Վարդան Սրկ. Էլմասեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Ի ժամ Ս. Պատարագի տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան նախ խօսեցաւ 15 Յուլիսի դէպքերու տարելիցին մասին։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդգծեց, որ պէտք է աղօթենք եւ աշխատինք մեր երկրի խաղաղութեան ու անդորրութեան համար։ Քարոզին մէջ ան շեշտեց նաեւ, որ մեր համայնքէն ներս հաստատութիւններու պահպանման պատասխանատուութենէն բաժին պէտք է վիճակի իւրաքանչիւրին եւ սա միայն մեծահարուստ բարերարներուն թողուած գործ մը պէտք չէ համարուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Կազդուրման կայանի հանգուցեալ հիմնադիրները, սատարողները, սպասաւորները եւ պաշտօնեաները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին վրայ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց աշխարհիկ հանդիսութեան՝ իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը։ Ներկայ էին կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, նոյն քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։ Մաթիլտա Ֆըրատօղլուի գլխաւորուած տիկնանց կազմին կողմէ սար-քըւած սիրոյ սեղաններուն շուրջ ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։ Պատուասիրութեան բոլոր ծախսերը հոգացած էր Գարուն Քըրաչ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Սարօ Պենկլեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Աթիլլա Այթաչ եւ Մուրատ Հազինէտար եւս արտայայտուեցան հանդիսութեան տեւողութեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ արտասանեց Ալին Պըլտըրճըն։ Կայանի սաները հանդէս եկան խմբերգներով՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ եւ Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։

Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետը այս առթիւ յայտնեց, որ եթէ խոչընդոտ մը չըլլայ, ապա մինչեւ տարեվերջ Պատրիարքական Աթոռը պիտի ունենայ իր ազգընտիր գահակալը։ Իր կարգին տեղապահ սրբազան հայրն ալ շեշտեց, որ պատրիարքական ընտրութեան համար յարատեւ աշխատանք կը ծաւալուի եւ այդ բոլորի յաջողութիւնն ալ կախում ունի համայնքի ներքին համերաշխութենէն։ Նորին Սրբազնութիւնը նաեւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կազդուրման կայանի գործունէութեան մասին։

Հանդիսութիւնները Տէրունական աղօթքով հասան իրենց աւարտին։

    

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017