ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՈՑ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ մտաւորականութեան վառ դէմքերէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք թողած անձնաւորութիւն մը եղած է ան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ, անժամանակ մահ մը չէ, սակայն, Վարդ Շիկահերի կորուստը անբացատրելի ու մեծ ցաւ կը պատճառէ՝ մասնաւորապէս նկատի ունենալով իր անփոխարինելի դերակատարութիւնը համայնքային կեանքէ ներս։

Վարդ Շիկահեր եղած է պոլսահայ նահապետական ընտանիքի մը եզակի ներկայացուցիչը։ Հոգելոյս Տ. Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի երէց որդին՝ հասած է տոհմիկ արժէքներով դրծուած ընտանեկան միջավայրի մէջ։ Եղած է Մխիթարեան վարժարանի փայլուն սաներէն եւ աւարտած՝ Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկագիտութեան ֆաքիւլթէն։ Որպէս սրտաբան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն, ձեռք բերած՝ համբաւ եւ իր ընդգրկած ասպարէզէն ներս դասուած է հեղինակութիւն, հասած ըլլալով նաեւ տոցենթի կոչման։

Վարդ Շիկահերի գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած իր արհեստավարժ զբաղումով։ Ան եղած է համայնքային յայտնի վարիչ մը, հասարակական նշանաւոր գործիչ մը։ Պէյօղլուի ընտանիքի խորհրդանշական անուններու շարքին եղած է տասնամեակներ շարունակ։ Հանրապետական շրջանին կատարուած մէկէ աւելի պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ ընտրուած է ազգային պատգամաւոր։ Մտաւորական գետնի վրայ արտադրունակութեան տեսակէտէ եղած է ախոյեան մը։ Որպէս գրող, բանաստեղծ հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր։ Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլէն զանազան թերթերու՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու համար երկար տարիներ պատրաստած է գրական էջեր՝ ըլլալով նաեւ Գօչունեան ընտանիքի անցեալի սերունդներու բարեկամը։ Հայերէն լեզուի նուիրեալ պաշտպան Վարդ Շիկահեր եղած է նաեւ կրթական մշակ մը՝ հասցնելով սերունդներ, որոնք ուղեցոյց եղած են ոչ միայն իր ջամբած գիտութիւններով, այլեւ՝ իր մարմնաւորած հայ մտաւորականի կերպարով։

Վարդ Շիկահեր կեանքի տեւողութեան եղած է առաքելութեան, դատի մարդ։ Գաղափարապաշտ, սկզբունքային գործիչ մը, խիզախ մտաւորական մը եղած է՝ երբեմն փակուելով նաեւ ճաղերու ետին։ Բազմակողմանի գործունէութիւնով հանդերձ, իր ոդիսականի ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ մտաւորական արտադրութիւնը, որ այսօր կը մնայ իրմէ ժառանգ։ Այդ աւանդը իր գործունէութիւնը վաղուց դուրս յորդեցուցած է պոլսահայութեան շրջանակներէն, որովհետեւ Վարդ Շիկահեր համահայկական հարթութեան վրայ կը համարուէր արժէք։ Իր գործունէութիւնը միշտ բարձր գնահատանքի կ՚արժանանար։ Շիկահերի գրիչի արտադրութիւնը միշտ կ՚արժեւորուէր գերագոյն մակարդակով։ Զանազան պարգեւներու արժանացած էր՝ մասնաւորապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։

94 տարեկան հասակին աչքերը կեանքին փակած Վարդ Շիկահեր հաղորդական նկարագրով, անմիջական բնաւորութեամբ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ըլլալով հաճելի զրուցակից մը՝ կը յաջողէր բոլորին սիրտը գրաւել՝ երկխօսները հրապուրելով նաեւ իր գիտելիքներով ու կեանքի փորձառութեան վրայ հիմնուած փիլիսոփայութիւնով, իմաստութիւնով։ Ծով յիշողութիւն մը ունէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան ապրումներու, առանցքային իրադարձութիւններու մասին։ Իր կորուստով, միեւնոյն ժամանակ, մեզմէ կը հեռանայ այդ բոլորի տեսակէտէ մեծ վկայ մը, որ լիուլի ընդունակ էր իր յիշողութեան եւ վկայութիւններու լոյսին ներքեւ համադրութիւններ ընելու։ Այդ կարողութիւնը կը բխէր այն իրողութենէն, որ Վարդ Շիկահեր իր ապրած ժամանակաշրջանի բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններու ուղղակի մասնակիցն էր։ Ժամանակի եւ տարածութեան վրայ գիտէր անցեալի դէպքերը դիտարկել։ Զանոնք փոխանցելու ատեն նախ տուեալ ժամանակահատուածի իրադրութիւնը կը ցոլացնէր, հուսկ հետեւութիւններ կ՚ընէր անցնող տասնամեակներու լոյսին տակ, նկատի ունենալով այժմու կացութիւնը։

Վարդ Շիկահեր ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Իր կողակցին՝ Զեփիւռ Շիկահերի հետ բախտաւորուած էին երկու դուստրով, ունին նաեւ թոռնիկներ։ Վարդ Շիկահեր կեանքի ողջ տեւողութեան վերահսկած էր իր ընտանիքը, իսկ վերջին տարիներուն, երբ տկարացած էր առողջութիւնը, կը վայելէր ընտանիքի մեծ գուրգուրանքն ու զօրակցութիւնը։

Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները այսօր հրապարակուած են ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Վարդ Շիկահերի հոգւոյն եւ մեր խոնարհումը կը բերենք իր վաստակին առջեւ։ Ցաւակցութիւն կը յայտնենք այրիին՝ Զեփիւռ Շիկահերի, մեր սիրելի բարեկամ Ստեփան-Հերա Ինճէեան ամոլին, բոլոր հարազատներուն, մերձաւորներուն, սիրելիներուն եւ երախտաշատ սաներուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020