ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԷ ՆԵՐՍ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր կը մասնակցի Մատենադարանէ ներս նախատեսուած կարեւոր գիտաժողովի մը։ Իր կեցութեան օրերուն ան կ՚իջեւանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ներկայիս մայրավանքի մթնոլորտը շնչելը բացառիկ նշանակութիւն ունի՝ քանի Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու ի հիմանէ վերանորոգման երկարատեւ աշխատանքները աւարտելու վրայ են եւ սեպտեմբերին նախատեսուած օծման ու պաշտամունքի վերաբացման ընդառաջ ստեղծուած է հոգեւոր ուրախութեան բացառիկ մթնոլորտ։

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան Երեւանի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Մատենադարանի համալիրէն ներս։ Քառօրեայ աշխատանքային ծրագիրը հայ եւ օտար բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներ կը համախմբէ, ընկերամշակութային յարակից ձեռնարկներով։

Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի բացման ընդառաջ, Մատենադարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ եզակի խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան ներկայացուցիչները այն կեդրոններուն կամ կառոյցներուն, որոնք հայկական ձեռագրեր ի պահ կը դնեն։ Այս հանդիպում-քննարկումը գլխաւորեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, որու կողքին էր Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան։ Կլոր սեղանի շուրջ համախմբուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքէն ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։ Այս քննարկման ընթացքին, բացման աղօթքէն վերջ, օրակարգի վրայ եկան զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերէին հայկական ձեռագրերու պահպանման, վերականգնման, թուայնացման, համատեղ ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու։

Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ այս ուրբաթ առաւօտ ու պիտի շարունակուի միջեւ երկուշաբթի, յուլիսի 22-ը։

Մատենադարանի, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած է գիտաժողովը։ Բացման լիագումար նիստին նախատեսուած են Արա Խզմալեանի, Ժաննա Անդրէասեանի եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նախագահ Սարգիս Հայոցեանի ողջոյնի խօսքերը։ Գիտաժողովի առաջին օրուան աւարտին, նախարար Ժաննա Անդրէասեանի տանտիրութեամբ ընթրիք մըն ալ նախատեսուած է՝ ի պատիւ մասնակիցներուն, «Մեգերեան կարպետ» ճաշարանին մէջ։

Բազմաթիւ զեկուցումներ նախատեսուած են ատենախօսներու կողմէ, որոնց շարքին Հայաստանէն կամ սփիւռքէն հայ գիտնականներու առընթեր կը գտնուին օտար մասնագէտներ։ Գիտաժողովի երկրորդ օրուան աւարտին կը բացուի «1 տարուայ յաւերժութիւնը. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Բաց աստի, Մատենադարանի առջեւ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը հանդէս կու գայ համերգով մը։

Աշխատանքային ծրագրի եզրափակումէն վերջ քոնկրէսի մասնակիցները ուղեւորութիւն մըն ալ կ՚իրականացնեն դէպի գաւառ՝ Հայաստանի հարաւի Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերը, Երեւան վերադարձի ճանապարհին անցնելով նաեւ Արարատի մարզէն։ Այս ծիրին մէջ անոնք շրջայց մը կը կատարեն Տաթեւի վանական համալիրէն ներս։

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան շուրջ տասնօրեայ կեցութենէ մը վերջ քաղաքս պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբաթավերջին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024