ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄՈՒՄ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը հրապարակեց իր անդրանիկ զեկոյցը, որ այսօր նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ պատրիարքական ընտրութեան համար պաշտօնապէս դիմում կատարուած է՝ նախատեսուած ժամկէտներու շուրջ ժամանակացոյցի մը առաջարկումով հանդերձ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ Դեկտեմբերի մէջ իրականացնել պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ներքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յղուած է Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Դիմումնագիրը ստորագրուած է՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչի կողմէ։ Երեք ստորագրութիւններով այս դիմումը նահանգապետարան ուղարկուած է Օգոստոսի 9-ին։ Այդ մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահուած է որոշ յապաղումով մը՝ տակաւին երէկ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցով։
Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալի՝ հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի անհանգստութեան յաջորդած տարիներուն Գումգաբուէն մէկէ աւելի դիմումներ կատարուած են յաչս պետութեան՝ ընտրութեան թոյլտուութեան համար։ Այդ դիմումներուն ժամանակ յամառօրէն ու քննադատական շեշտով համայնքէն ներս որոշ շրջանակներ կը պահանջէին դիմումնագրի բնագրի հրապարակումը ու կը յայտնէին, որ այլապէս դիմումը կրնայ նոյնիսկ կատարուած չըլլալ կամ անհրաժեշտ պատշաճ բանաձեւումները չունենալ։ Այդ քննադատութիւններու հեղինակներէն շատեր ներկայիս ընդգրկուած են Նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ, սակայն ուշագրաւ է՝ որ այս անգամ եւս չէ հրապարակուած դիմումնագրին պատճէնը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ մեզի յայտնեց, որ գաղափար չունի այս նիւթին շուրջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ մեզի յայտնեց, որ դիմումնագրի բնագրի հրապարակումը յարիր չէ պետութեան հետ թղթակցութիւններու ոգիին։
Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ երէկ հրապարակուած զեկոյցին մէջ նախատեսուած ժամանակացոյցի մանրամասնութիւնները շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ արդէն դրուած էին կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ։ Հասկնալի է, որ Նախաձեռնարկ մարմինը այդ մասին անպաշտօն գետնի վրայ տեղեկութիւններ փոխանցած էր իրեն տեսակէտէ նախընտրելի լրատուամիջոցներուն՝ կանխելով իր իսկ առաջին պաշտօնական զեկոյցին հրապարակումը։ Թէեւ այս առումով ըսելու շատ բան կայ, սակայն ներկայ գործընթացին մէջ կը խուսափինք աճապարելէ Նախաձեռնարկ մարմինը քննադատելու ուղղութեամբ՝ յուսալով, թէ ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուի իր գործելաոճը։
Այս պահու դրութեամբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը թեւակոխած է բախտորոշ փուլ մը։ Վերջին շրջանին Պատրիարքարանէն շարք մը պաշտօնական նամակներ ուղարկուեցան Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Մեսրոպ պատրիարքի հանգստեան կոչուելէն սկսեալ, մինչեւ տեղապահի ընտրութիւնն ու նախաձեռնարկ մարմին մը կազմուած ըլլալը՝ զանազան նիւթերու մասին էին այդ գրութիւնները, որոնցմէ որեւէ մէկուն պատասխան մը չտրուեցաւ։ Այժմ այդ շղթային վրայ աւելցած է նոր օղակ մը՝ որն է ուղղակիօրէն պատրիարքական ընտրութեան համար դիմումը։ Այս վերջինը այնպիսի բնոյթ մը ունի, որ առանց պետութեան պատասխանին կամ արձագանգին գործնականօրէն անկարելի է շարունակել ընտրութեան գործընթացը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ մեզի յայտնեց, որ պատրիարքական հաւանական թեկնածուներու հրաւէր-նամակներն ալ պիտի ուղարկուին պատկան իշխանութիւններու պատասխանէն վերջ։