ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց այժմ աւստրալաբնակ նախկին պոլսահայեր՝ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեանը, Վարդան Սրկ. Էլմասեանը եւ տեղւոյն Վարչական խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Զօրլուն։ Հանդիպման ընթացքին անոնք փոխանցեցին Աւսրտրալիոյ հայոց առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի եղբայրական ողջոյնները։ Ապա, շնորհաւորեցին պատրիարքական տեղապահ սրբազան հայրը իր նոր պաշտօնին առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեցին։ Նորին սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայնեց իրենց փափկավարական այցելութեան համար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017