ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՅԱՋՈՂ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլի մարզակումբի մարզիկները ճատրակի մէջ զանազան տարիքային դասաւորումներէ ներս վերջերս արժանացած են մետայլներու եւ նուաճած՝ բաժակներ։ Շիշլիցիները մասնակցութիւն բերին 2021 թուականի Թուրքիոյ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորման ճատրակի խմբային մրցաշարքի Իսթանպուլի հանդիպումներուն։ Արդիւնքին ակումբի փոքրերու հիմնական կազմը դարձաւ Իսթանպուլի երկրորդը, աստղերու իգական կազմը՝ Իսթանպուլի չորրորդը եւ աստղերու արական կազմն ալ՝ Իսթանպուլի հինգերորդը։

Իսթանպուլի ճատրակի աստղերու առաջնութեան մէջ ալ Շիշլիի մարզիկներէն Պերքայ Էքինճի հանդիսացած է քաղաքի ախոյեանը։ Ան իրաւունք շահած է Շիշլի մարզակումբը ներկայացնել Թուրքիոյ ախոյենութեան մակարդակին վրայ։ Մրցաշարքը այս ամսավերջին նախատեսուած է Գոնիայի մէջ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք շիշլիցիները, որոնց նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021