ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ՆԱԽԱՃԱՇԸ
Երէկ առաւօտ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ նախաճաշ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Ֆէրիգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 120 հոգի։ Այս նախաճաշի հասոյթը պիտի յատկացուի՝ դպրոցին համար անհրաժեշտ ութը բանիմաց գրատախտակի ապահովման համար։ Հարկ է նշել, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի աջակցութեամբ Ֆէրիգիւղի վարժարանին համար եւս չորս բանիմաց գրատախտակ ապահովուած է։
Երէկուան հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Այտա Սիւրմէեան, որ այս նախաճաշը կազմակերպած յանձնախումբը կը գլխաւորէր։ Ան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց եւ թէ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդներուն։
Նախաճաշին ներկայ էին նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիս։
Հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։