ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խումբ մը սա­ներ նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին։ Վար­ժա­րա­նի 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ խում­բը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի կող­մէ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րը Տէր Հօր կող­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան ընդ­հան­րա­պէս Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ու մաս­նա­ւո­րա­պէս ի­րենց վար­ժա­րա­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնուող Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ։

Դպրե­վանք­ցի­նե­րը ա­ւե­լի վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մու­հի­նե­րէն Պայ­ծառ Սո­լա­քի ներ­կա­յու­թեամբ։

Տղա­քը դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձան ի­րենց վար­ժա­րա­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015