ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Հիմնականէն դէպի միջին կրթութեան անցումի (TEOG) քննութիւններուն մէջ 2015-2016 կրթական շրջանին առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընդգրկուին նաեւ հայոց կրօնին վերաբերեալ հարցումներ։ Սա շրջադարձային որոշում մըն է Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ, միեւնոյն ժամանակ դրական վերաբերմունք մը՝ երկրի մշակութային զանազանութեան նկատմամբ։ Կը տեղեկանանք, որ այս նիւթին վերաբերեալ քննարկումներ ծաւալելու առաջադրութեամբ երէկ Անգարա այցելեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ խումբ մը կրթական մշակներուն հետ։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան չափման եւ արժեւորման բաժանմունքին մօտ շփումներ ունեցաւ Հայր Սուրբը։ Նախարարութեան այս առանձին բաժանմունքը երկրի կրթական համակարգէն ներս ունի առանցքային նշանակութիւն, որովհետեւ ամէն տեսակ հաւաքական քննութեան կազմակերպման պարագային հիմնական պատասխանատուութիւնը վերապահուած է անոր։ Երէկ, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ այդ կարեւոր բաժանմունքի ղեկավարին՝ Հիւսէյին Կուչի կողմէ։ Իրեն ընկերակից կրթական մշակներն էին Մխիթարեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան եւ ուսուցչուհիներ՝ Լեռնա Գարագիւթիւք, Ժպտուն Զուռնաճը եւ Լեռնա Եաղեազան։
Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը հաստատած էր նոր դրութիւն մը, որու հիման վրայ TEOG-ի քննութիւններուն շրջագծով աշակերտներուն սկսան ուղղուիլ կրօնական գիտելիքներու վերաբերեալ հարցումներ։ Այս հանգամանքը կարգ մը շրջանակներու մօտ անհանգստութիւն յառաջացուց, որովհետեւ վերագրուեցաւ խտրականութեան մօտեցումներու։ Իրականութեան մէջ պարագան բացարձակապէս խտրականութեան հետ կապ չունէր, որովհետեւ քննութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդեցութիւն չէր գործեր։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով համայնքին մօտ ստեղծուած տրամադրութիւնները՝ Պատրիարքական Աթոռն ու իսթանպուլահայ կրթական համակարգը անհրաժեշտ շփումներ մշակեցին պատկան իշխանութիւններուն հետ եւ բանաձեւեցին իրենց ակնկալութիւնները։ Իշխանութիւններն ալ դրական վերաբերմունք ցոյց տուին այդ պահանջներուն փոխարէն եւ այսպէսով ձեռնարկուեցաւ աշխատանքի։
Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովը այս գործընթացէն ներս կը բնորոշէ հասունացման հանգրուան մը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ մեր կրթական մշակները նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ շատ դրական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի մթնոլորտ մը ապահոված են։ Պատկան դիւանակալներու մատուցած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ հնարաւոր եղած է յանգիլ լուծումներու։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին TEOG-ի քննութիւններուն շրջագծով թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն պիտի ուղղուին մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդուած կրօնի առարկային վերաբերեալ հարցումներ։ Այս ամբողջին մէջ ճկուն լուծումներ գտնուած են կարգ մը առանցքային սկզբունքները չխախտելու նպատակով։ Անոնցմէ առաջինը եղած է լեզուի նիւթը։ Արդարեւ, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը նման քննութիւնները կը կազմակերպէ բացառապէս երկրի պաշտօնական լեզուով՝ թրքերէնով, իսկ կրօնի գիտելիքները թրքահայ վարժարաններէն ներս կը դասաւանդուին հայերէնով։ Կանխելու համար հակասութիւնները եւ աշակերտներուն տեսակէտէ դժուարութիւններ չյարուցելու առաջադրութեամբ՝ եզրաբանական (terminolojik) նախընտրութիւններու հիման վրայ լուծում մը գտնուած է այս խնդրին։ Այսինքն, բուն հարցումը աշակերտներուն պիտի մատուցուի թրքերէնով, սակայն նիւթին վերաբերեալ բնորոշիչ, բանալի բառերը պիտի մէջբերուին հայերէնով եւ հայատառ ձեւով։ Նախարարութեան բարձրաստիճան դիւանակալները հաշուի առած են այն հանգամանքը, թէ կրօնը թրքահայ վարժարաններէ ներս կը դասաւանդուի՝ որպէս ուրոյն մշակոյթի առարկայ։ Հետեւաբար, հայերէնով դասաւանդուած այդ առարկայի վերաբերեալ հարցումներուն ուղղակի կամ միայն թրքերէնով բանաձեւուիլը կրնայ յառաջացնել խնդիրներ։ Պատկան պաշտօնեաները բարի եղած են հաշուի առնել բոլոր նրբութիւնները։ Անոնք Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ ցարդ յառաջ տարուած շփումներուն ընթացքին համոզուած են, թէ այլեւս միայն հայերէնի եւ կրօնի դասերով կը պայմանաւորուին այդ ուրոյն մշակոյթի վերաբերեալ հանգամանքները։ Հետեւաբար, թրքահայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու պարագային հարցումներու բանաձեւումներուն մէջ հիմնական բառերուն տեղ պիտի տրուին հայերէնով։
Իսթանպուլահայ կրթական շրջանակներն ալ բաւարարուած են այս լուծման եզրով, որովհետեւ կ՚ենթադրուի, որ հայոց լեզուի եւ կրօնի դասերուն նկատմամբ վերաբերմունքն ալ աւելի լրջանայ մեր աշակերտներուն կողմէ, որովհետեւ ի վերջոյ քննութիւն մը յանձնելու հեռանկարը կ՚ուրուագծուի անոնց առջեւ։ Հարցին այս երեսակը յոյժ կարեւոր է մեր համայնքին տեսակէտէ։
Այս պայմաններուն ներքեւ, կը նախատեսուի, որ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը յառաջիկայ Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան մէջ վերստին այցելէ Անգարա։ Մեր կրթական մշակներու խումբը այս ժամանակաշրջանին պիտի պատրաստէ հարիւր հարցումներ, որոնցմէ քսանը նախարարութեան պատկան պաշտօնատարներուն կողմէ պիտի ընդգրկուին 8-րդ դասարաններու համար կազմակերպուելիք TEOG-ի հարցումներու շարքին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ Հայր Սուրբին կողմէ գլխաւորուած խումբը նախարարութեան խորհրդապահական կանոններուն եւ նոյն նպատակով նախատեսուած նախազգուշական միջոցներուն պիտի հնազանդի, որովհետեւ քննութիւններու հարցումները բացարձակ գաղտնի ձեւով կը պատրաստուին ու կը տպագրուին։
25-26 Նոյեմբեր 2015 թուականին նախատեսուած են նոր կրթական շրջանի TEOG-ի առաջին քննութիւնները։ Խմբագրական եւ տպագրական աշխատանքներուն գործընթացը հաշուի առնելով հարցումները յանձնելու վերջնաժամկէտը սահմանուած է Հոկտեմբերի 16-ը։ Պատասխանատուները Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանէն նոյնիսկ պահանջած են իրենց աշխատանքային դրութեան յարմարելիք հայերէն տառատեսակներ։
Հուսկ, կը նախատեսուի, որ այս շրջադարձային գործընթացը յառաջիկայ շրջանին դրական ու նոյնիսկ պատմական արդիւնքի մը առիթ հանդիսանայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ