ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԱՆՍԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍԱՐԳԻՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի սաները այցելեցին Յունաստանի հիւպատոսութեան «Սիսմանոկլիօ Մակարօ» կեդրոնը, ուր «Փարոս» հանդէսի չորրորդ տարեդարձին առթիւ կը ցուցադրուին անուանի գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի ստեղծագործութիւնները՝ «Անցեալէն դէպի ապագայ» խորագրով։ Այս առթիւ վարժարանին սաները տեղեկութիւններ քաղեցին «Փարոս»ի խմբագիր Մայտա Սարիսէն եւ իրենց ուսուցչուհիներէն՝ Սարգիս Մուրատեանի, Կոմիտաս Վարդապետի եւ արուեստագէտին ստեղծագործութիւններուն մասին։ Լեւոն-Վարդուհեանի սաները յատկապէս հետաքրքրուեցան Կոմիտաս Վարդապետի վերջին գիշերը պատկերով իւղանկարով, որու գոյները, մանաւանդ կարմիրը հրապուրեց զիրենք։