ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ՓԱԼԱՔԱՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐԸ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յանձնուեցան Փալաքաշեան կտակին շրջագծով նախատեսուած կրթաթոշակները։ Այս տարի 87 աշակերտ ստացած է կրթաթոշակ։ Այդ 87 աշակերտին 27-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 60-ը կը յաճախէ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ՝ զանազան դասարաններ։
Երէկ առաւօտ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ զգալի էր արտասովոր եռուզեռ։ Կրթաթոշակի արժանացած աշակերտներն ու իրենց ծնողները փութացին եկեղեցի ու մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Զաւէն Քահանայ Պըչաքճեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Այս հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ յայտնի ոսկերիչ, աշխարհահռչակ արհեստաւոր վարպետ Սեւան Պըչաքճը, քանի որ կ՚ոգեկոչուէր իր հայրը՝ հանգուցեալ Սմբատ Պըչաքճը։ Սեւան Պըչաքճըի նման խորհրդանշական անունի մը ներկայութիւնը բնականաբար շատ հետաքրքրական էր երիտասարդներուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, Սեւան Պըչաքճը իր արձանագրած յաջողութիւններով իսկապէս ուղեցոյց մը կը համարուի մեր նոր սերունդին համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Սիրոյ սեղանի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր այս փուլը։ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Սեղաններուն շուրջ ալ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Յարութիւն Շանլը ընդգծեց, որ Փալաքաշեան կտակին շրջագծով՝ միշտ կը փորձեն զօրավիգ հանդիսանալ առաւելագոյն թիւով երիտասարդներու։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը այս սկզբունքին հաւատարիմ այս տարի ալ հնարաւորինս բարձրացուցած է նպաստընկալներու թիւը։ Յարութիւն Շանլը ընդգծեց, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին դժբախտաբար մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը նուազած է շուրջ 300-ով։ Սա ցաւալի երեւոյթ մըն է մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ, որովհետեւ այդ երիտասարդները կը համարուին մեր ապագան։ Ուստի, Յարութիւն Շանլը կոչ ուղղեց, որպէսզի երիտասարդները անպայման մասնակցութիւն բերեն համայնքային կեանքին։ Իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է մտածէ, որ ինչ կրնայ ընել մեր համայնքին համար։ Արդարեւ, նոր սերունդն է, որ ապագային պիտի ստանձնէ նաեւ մեր հաստատութիւններու վարչական պատասխանատուութիւնը։
Հաւաքոյթի ընթացքին երիտասարդներուն յանձնուեցան կրթաթոշակին շրջագծով նախատեսուած գումարները։ Ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները բոլորին յաջողութիւն մաղթեցին՝ իրենց ուսումնառութեան շրջանին առաւելագոյն արդիւնաւորման համար։ Անոնք մաղթեցին, որ մեր երիտասարդները ունենան կատարեալ կրթութիւն եւ այդ մէկուն հիման վրայ ապագային դառնան օրինակելի անհատներ եւ իւրաքանչիւրը դառնայ մրցունակ դէմք մը՝ իր ընդգրկելիք ասպարէզին մէջ։