Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը պիտի այցելէ Լոս Անճելըս։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը։ Այս կիրակի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի պատարագէ Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։

Միշաբաթեայ կեցութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ տեղւոյն նախկին պոլսահայ շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018