ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՆԺԷԼ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ
Երէկ, նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Անժէլ Արսլանեանի կորուստը վերջին շրջանին խոր ցաւ պատճառած էր համայնքային շրջանակներուն, որոնք երէկ հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին իր ազնիւ ու անթառամ յիշատակին առջեւ՝ աղօթելով հոգւոյն խաղաղութեան եւ յաւիտենական հանգիստին համար։
Հանգուցեալի Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին շուրջ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն համախմբուած էր հոծ բազմութիւն մը։ Հանգուցեալին ամուսինը՝ համակրելի համայնքային բարերար Հայկ Արսլանեան եւ համայն ընտանիքը շրջապատուեցան՝ բոլորի բարոյական զօրակցութեան զգացումներով։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին բազում հոգեւոր հայրեր։ Շարականներու տխուր մեղեդիներու ընդմէջէն բոլորը պահ մը նոյնացան հոգելոյս Անժէլ Արսլանեանի անմոռանալի յիշատակին հետ, անոր շիրմին շուրջ վերյիշեցին քաղցր յուշեր եւ աղօթեցին, որպէսզի Աստուած իր բարի հոգին արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներու։
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին բոլորը հերթական անգամ վշտակցեցան Հայկ Արսլանեանին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։