ԳԱԼՖԱԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձին եւ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի հա­մախմ­բեն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ, այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն ե­րեք պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Գա­րա­սու եւ խնա­մա­կա­լու­թեան սիւ­նե­րէն Տա­նիէլ Ան­թի­քա­ճեան։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք յայտ­նե­ցին, թէ Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս կ՚ա­պա­ւի­նի մեր հա­մայն­քի ա­ջակ­ցու­թեան եւ լա­ւա­տե­սու­թիւն կը պա­հէ այս ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ հաս­տա­տու­թիւ­նը լիու­լի կ՚ար­դա­րաց­նէ ի­րեն հա­մար կա­տա­րուած բո­լոր զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը։ Գալ­ֆաեան Տան պա­րա­գա­յին որ­դեգ­րուած է ա­ռա­ւե­լա­գոյն խնա­յո­ղու­թեան հե­տա­մուտ պիւտ­ճէի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ շաբ­թուան բո­լոր օ­րե­րուն կեան­քը ամ­բողջ թա­փով կը շա­րու­նա­կուի այս ե­զա­կի հաս­տա­տու­թեան ա­ռա­քե­լու­թե­նէն ներս, խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի պիւտ­ճէի բա­ցը գրե­թէ պահ­պա­նել ցե­րե­կօ­թիկ վար­ժա­րա­նի մը պա­րա­գա­յին ըն­դու­նուա­ծի մա­կար­դա­կին վրայ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, վար­ժա­րա­նի ննջա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին շրջա­նին շի­նա­րա­րա­կան-բա­րե­կարգ­ման ծրա­գիր մը կեան­քի կո­չուած է, ինչ որ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը կը հա­մա­րուի դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­դա­րեւ, «Քա­փի­թոլ»ի յա­րա­կից տա­րած­քէն ներս, Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի ե­րեք նա­խակր­թա­րա­նի միա­ցու­մէն ա­ռաջ ան­ցեա­լին օգ­տա­գոր­ծուած Գալ­ֆաեա­նի դպրո­ցի շէն­քը վե­րա­նո­րո­գու­թեան մը են­թար­կուե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն տրա­մադ­րուած է՝ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի ստեղծ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Սա էա­պէս կը նպաս­տէ ա­շա­կերտ­նե­րու ընդ­հա­նուր յա­ջո­ղու­թեան ու զար­գաց­ման։

Խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդգ­ծե­ցին նաեւ, թէ Գալ­ֆաեան ուխ­տի մե­րօ­րեայ միակ միա­բա­նը Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան վեր­ջին շրջա­նին վերս­տին սկսած է շա­բա­թը օր մը վար­ժա­րան յա­ճա­խել եւ զբա­ղիլ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։

Բաց աս­տի, շա­բա­թա­վեր­ջի մա­տա­ղօրհ­նու­թեան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու թո­հու­բո­հով հան­դերձ, Գալ­ֆաեան ըն­տա­նի­քը այժ­մէն ար­դէն սկսած է ապ­րիլ մօ­տա­լուտ յո­բե­լեա­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի նշուի Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս յատ­կան­շա­կան հանգ­րուա­նը ար­ժե­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ կազ­մա­կեր­պել շարք մը ձեռ­նարկ­ներ։ Հիւ­րե­րու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, պի­տի կազ­մուի նաեւ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մը։ Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նար­կուած է յո­բե­լե­նա­կան յու­շա­մա­տեան մը հրա­տա­րա­կե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ եւ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը այս ծրագ­րին հա­մար կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի հետ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015