ԱՆԴՈՒՆԴԷՆ ՀԵՌՈՒ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբերի խմբագրականը ահազանգային է: Խնդիրը յայտնապէս դասական մամուլին դիմագրաւած դասական տագնապէն աւելին է: Թերթը յատկապէս՝ համայնքային թերթը, բնականաբար կարեւոր մասամբ կ՚ապրի համայնքային կառոյցներու նեցուկով, աջակցութեամբ: Այդ նեցուկը բնական է եւ անհրաժեշտ:

Համայնքի հայելին ըլլալու համար որեւէ թերթի խմբագրութիւն մօտէն կը հետեւի համայնքային իրադարձութիւններուն, կ՚արձագանգէ, կը լուսաբանէ, կը վերլուծէ: Եւ նոյնքան բնական է, որ իր մեկնաբանութիւններուն մէջ խմբագրութիւնը գնահատէ իր դատողութեամբ այն, ինչ որ դրական է եւ քննադատէ այն, ինչ որ բացասական կը նկատէ:

Քննադատութեան ոգին մամուլի առաքելութեան մաս կը կազմէ: Յատկապէս՝ նման միջավայրի մէջ, ուր ներքաղաքական իրադարձութիւներու հասկնալի լուսաբանման չափ ու բովանդակութիւն նուիրականացած է, մամուլը իր առաքելութիւնը պէտք է լիարժէք կատարէ համայնքի հարցերու ներկայացման առումով:

Եւ համայնքի կառոյցներուն նեցուկը՝ հայ մամուլին, պէտք չէ պայմանաւորուի այնտեղ լոյս տեսած յօդուածներու բովանդակութեան ուղղուածութիւններով: Մանաւանդ երբ միանշանակ չեն այդ դիրքորոշումները: Մանաւանդ երբ պահուած են առարկայականութեան չափանիշները, երբ պահպանուած են ոճի պատշաճութիւնը, կառուցողական քննադատութեան չափանիշները:

Մամուլը եւ պոլսահայ մամուլը աւանդութիւն ունին նման խնդիրներ դիմագրաւելու: Համայնքային կառոյցներու ղեկավարութիւնը միշտ չէ, որ հաշտ աչքով նայած է այնտեղ լոյս տեսած խմբագրականներուն, յօդուածներուն: Կ՚ենթադրեմ, որ գէթ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային կայ այն հանդուրժողականութիւնը՝ տեղ տալու նաեւ իր տեսակէտները չբաժնող գրութիւններու, պատասխաններու կամ ընդհանրապէս արձագանգներու:

Եւ խորքին մէջ բազմակարծութեան յորձանուտէն է, որ կը բխի ընդհանուր միտքը, եզրակացութիւնը: Գուցէ նաեւ չբխի համաձայնական եզրայանգում, այնուամենայնիւ կը նպաստէ զանազան միտքերու ներկայացման: Եւ համոզուած ենք, որ ա՛յս է հայ մամուլի առաքելութիւնը:

Հիմա պահն է մեր զօրակցական նպաստը բերելու, որպէսզի չխամրի դարադարձ ապրած մամուլի կարեւոր մէկ ներկայացուցիչը: Եւ որքան ալ համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք անոր բովանդակութեան այս կամ այն ուղղութեան, մենք պէ՛տք ունինք այդ մամուլին:

Անդունդի եզրէն հեռացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

*

JAMANAK İÇİN ÇAĞRI

Beyrut merkezli, Ermeni dünyasının saygın yayın organlarından Aztak Gazetesi başyazısında JAMANAK'ın uçurumun eşiğinde olduğuna yer verdi. Günlük gazetenin başyazısında JAMANAK'ı uçurumun eşiğinden uzaklaştırma çağrısı yapıldı.

'Ortak akıl ve konsensüs çok sesliliğin girdabından doğuyor' denilen makalede, yüz yılını tamamlamış önemli basın temsilcisi JAMANAK'ın solmaması için destek ve katkı zamanı olduğu vurgulandı. 'İçeriğiyle hemfikir olsak da olmasak da, o basına ihtiyacımız var' ifadelerinin yer bulduğu başyazıda JAMANAK'ın geçtiğimiz 28 Ekim'deki başyazısına dikkat çekildi ve bir cemaat gazetesi için cemaat kurumlarının katkısının doğal ve vazgeçilmez nitelik taşıdığı belirtildi.

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021