ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սոյն հաւաքը այս տարի նախաճաշի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր՝ Գուրուչէշմէի «Հուքքա» զբօսարանին մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանային Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսպէսով երկար ժամեր մնաց մեր կրթական մշակներուն հետ՝ մէկ կողմէ գնահատելով բոլորին ծառայութիւնը, իսկ միւս կողմէ անոնց հետ կարծիքի փոխանակումներ ունենալով մեր կրթական կեանքի հիմնախնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022