ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ այ­սօր «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կա­տա­րած է զա­նա­զան հա­ղոր­դում­ներ։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի հե­տաքրք­րուէր Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Թուր­քիա հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րու կրթու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րով։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան տե­սակ­ցած է Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։

Վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քիա գաղ­թած խումբ մը ըն­տա­նիք­ներ դի­մած են Պատ­րիար­քա­րան եւ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են, որ Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լու պա­րա­գա­յին Թուր­քիոյ դպրոց­նե­րուն մէջ ու­սա­նած ի­րենց զա­ւակ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րը ար­դեօք վա­ւե­րա­կան պի­տի հա­մա­րուի՞ն, թէ ոչ։ Այս հի­ման վրայ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը առ­կայ խնդիր­նե­րը ան­ձամբ յանձ­նած է Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու նկա­տառ­ման։ Ան Ե­րե­ւեա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է ի­րա­վի­ճա­կը ու շեշ­տած է, թէ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած հա­րիւ­րա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներ կրթու­թիւն կը ստա­նան Թուր­քիոյ դպրոց­նե­րուն, ի մաս­նա­ւո­րի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը մշտա­պէս մտա­հո­գու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ այդ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն մօտ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Սփիւռ­քի բաժ­նին կող­մէ այս հար­ցին շուրջ հրա­պա­րա­կուե­ցան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ Թուր­քիոյ մէջ ու­սում ստա­ցող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի ե­րա­խա­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րու, կրթու­թիւ­նը այն բնա­գա­ւառն է, ուր տղա­քը պէտք չէ տու­ժեն եւ Թուր­քիոյ կրթա­կան հա­մա­կար­գէն Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­կարգ տե­ղա­փո­խուիլ փա­փա­քող հա­յաս­տան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րու փաս­տա­թղ­­թա­յին հար­ցե­րը կը կար­գա­ւո­րուին դրա­կան մօ­տե­ցու­մով։ Այ­սինքն, հար­ցե­րը կը լու­ծուին այն­պէս, ինչ­պէս այլ եր­կիր­նե­րէ Հա­յաս­տան մեկ­նած ա­շա­կերտ­նե­րու պա­րա­գա­յին։

«Ե­թէ տուեալ դպրո­ցը, ուր կ՚ու­սա­նի հա­յաս­տան­ցին, ճանչ­ցուած է թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ, ա­պա ո­րե­ւէ խնդիր չկայ, ե­րա­խան հան­գիստ կրնայ իր փաս­տա­թու­ղթե­րով տե­ղա­փո­խուիլ մեր դպրո­ցը եւ ե­ղած են դէպ­քեր, երբ Թուր­քիա­յէն Հա­յաս­տան ա­շա­կերտ­ներ ե­կած են եւ այ­սօր կ՚ու­սա­նին մար­զե­րու մեր դպրոց­նե­րուն մէջ», ը­սաւ Նու­նէ Վար­դա­նեան, որ կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Սփիւռ­քի հետ կա­պե­րու բա­ժի­նը։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ ե­թէ տար­րա­կան դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րու պա­րա­գա­յին գի­տե­լիք­նե­րը ստու­գե­լու խնդիր սո­վո­րա­բար գո­յու­թիւն չու­նի, ա­պա բարձր դա­սա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին գի­տե­լի­քը կը ստու­գուի եւ ըստ այդմ կը ճշդուի դա­սա­րա­նը, ուր ան պէտք է շա­րու­նա­կէ իր ու­սու­մը։

Գա­լով «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին, ուր բա­ցա­ռա­պէս կ՚ու­սա­նին Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Թուր­քիա հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րը՝ կան յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, ի տար­բե­րու­թիւն թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն՝ այդ դպրո­ցը չու­նի պե­տա­կան ճա­նա­չում։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Պատ­րիար­քա­րա­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է տրա­մադ­րե­լու հա­մար փաս­տա­թուղթ մը այն ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք այդ դպրո­ցէն Հա­յաս­տան մեկ­նե­լու ցան­կու­թիւ­նը ու­նին։ Հար­ցը քննար­կուած է Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մօտ, սա­կայն տա­կա­ւին վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը չէ ըն­դու­նուած։ Յա­մե­նայն­դէպս, սա հա­ւա­նա­կան միակ վար­կա­ծը պի­տի ըլ­լայ պե­տա­կան ճա­նա­չու­մէ զուրկ այդ վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին։ Նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի քննար­կուի Պատ­րիար­քա­րա­նի տրա­մադ­րած փաս­տա­թուղ­թի օ­րի­նա­կա­նու­թեան հար­ցը։

Հարկ է նշել, որ 2003 թուա­կա­նէն ի վեր կը գոր­ծէ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը, ուր կը գոր­ծադ­րուի Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած ծրա­գի­րը եւ կ՚օգ­տա­գոր­ծուին նոյն դա­սագր­քե­րը։ Դպրո­ցէն ներս կը դա­սա­ւան­դեն ման­կա­վարժ­ներ, ո­րոնք եւս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներ են։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան ներ­քեւ, Թուր­քիա կրթա­կան իր հա­մա­կար­գէն ներս չէ ըն­դու­նած այս ե­զա­կի կրթօ­ճա­խը, որ կը գոր­ծէ երկ­րի տա­րած­քին մէջ։ Պար­զա­պէս, «հան­դուր­ժուած» վի­ճա­կի մը մէջ կը գտնուի այս կրթա­րա­նը, ո­րուն խո­չըն­դոտ­ներ չեն յա­րու­ցուիր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Իսկ գո­յու­թեան տաս­ներ­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին շուրջ 150 ա­շա­կերտ­ներ ան­ցած են այս դպրո­ցի նստա­րան­նե­րէն։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015