ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւան, որ փութացած էր շնորհաւորութեան։ Իրեն կ՚ընկերանար խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին Հալեւա յանուն Թուրքիոյ հրեայ համայնքին շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար եւ փոխադարձեց բարեմաղթութիւնները։

ՏՕՆԱԾԱՌ

Միւս կողմէ, Ամանորի սեմին Պատրիարքարանի մէջ արդէն զարդարուեցաւ աւանդական տօնածառը։ Պատրիարքական գահու վրայէն սուգի քօղի վերանալով ստեղծուած ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ տօնածառով։ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս այսպէսով ա՛լ աւելի բարձր տրամադրութիւն մը ստեղծուեցաւ։ Այս տարուան տօնածառը զարդարեցին խումբ մը տիկիններ, որոնք Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդութեամբ կազմակերպուած Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններուն կը մասնակցէին։ Տօնածառի յարդարումէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տիկիններուն կողմէ տարուած աշխատանքը։ Արդարեւ, շնորհիւ այդ աշխատանքին Պատրիարքական Աթոռէն ներս Ամանորի շունչը դարձած է զգալի։ Ան մաղթեց, որ Ամանորը վերելքի եւ վերակազմակերպման սկիզբ մը դառնայ եւ մեր համայնքի բոլոր անդամները ունենան օրհնաբեր տարի մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019