ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը, որ արժանացաւ այցելուներու եւ համակիրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Դպրոցի սրահին մէջ զետեղուած էին տաղաւարները, որոնց շուրջ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Այցելուներու շարքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019